Եւրոպա
Շաբաթ 10 փետրուար 2024-ին Համազգայինի Կապոյտ Տնակի փոքրերը տօնեցին Բարեկենդանը Փարիզի Հայ Մշակոյթի տան մէջ։
Մանուկները մեծ խնամքով պատրաստեցին եւ զարդարեցին դիմակներ, ապա տողանցեցին իրենց գոյնզգոյն հագուստներով։
Հանդիպումին աւարտին, ծնողներու աշխոյժ մասնակցութեամբ երեխաները բռնեցին շուրջպար։