
Շաբաթ,1 Փետրուար 2025-ի կէսօրուան ժամը 12։00-ին, արուեստը սիրող եւ քաջալերող փոքրիկներուն համար հաւաք մը տեղի ունեցաւ «Բաց դռներու օր» անուան տակ, Համազգայինի «Ա. Ահարոնեան» կեդրոնէն ներս, ներկայութեամբ Համազգայինի «Ա. Ահարոնեան» մասնաճիւղի վարչութեան կազմին եւ յանձնախումբի անդամներուն։
Այդտեղ շատ հաճելի եւ մտերմիկ էր մթնոլորտը։ Նախ աշակերտները ծանօթացուցին իրենք զիրենք եւ իւրաքանչիւր աշակերտ իր նախասիրութիւնը յայտնեց։ Ապա Սրբոց Վարդանանց տօնը մօտալուտ ըլլալուն համար տեսերիզ մը դիտեցին եւ իբրեւ փոքրիկ համազգայնականներ եւ ապագայի երիտասարդներ քաջ գիտակցեցան, որ զօրաւոր հաւատք պէտք է ունենան եւ հաւատարիմ մնան քրիստոնէական կրօնքին, Հայ լեզուին եւ մշակոյթին։
Փոքրիկները հիւրասիրուեցան տնային պատրաստութեամբ ակրատներ (սանտուիչներ) եւ ըմպելիք։ Անոնք զուարճալի պահեր անցուցին խաղերով, պարերով եւ գեղեցիկ ձեւով երանգաւորելէ ետք քաջն Վարդանի դիմանկարը, բարձր տրամադրութեամբ վերադարձան իրենց տուները։