![](https://hamazkayin.com/wp-content/uploads/2018/10/default.jpg)
Չորեքշաբթի, 17 Հոկտեմբեր 2012-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ Հայաստանի ժամանակակից գեղանկարչութեան ներկայացուցիչներէն Գագիկ Ղազանճեանի եւ Լիլիթ Սողոմոնեանի ցուցահանդէսին:
Ցուցահանդէսը կը վայելէր հովանաւորութիւնը ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեանի: Ներկայ էին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեան, մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, հայ եւ օտար արուեստագէտներ ու արուեստասէրներ:
Բացման խօսքով ցուցասրահի վարչութեան անդամ Քարլա Թիւթիւնճեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ ներկայացուց արուեստագէտները: Ապա ցուցասրահի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան անդրադարձաւ արուեստագէտ զոյգի գործունէութեան եւ Համազգայինի հետ անոնց ունեցած կապին` հաստատելով, որ այս նախաձեռնութիւնը անպայման որ գեղանկարչական մարզին մէջ իր դրական ներդրումը պիտի ունենայ Հայաստան-Լիբանան կապերու յաւելեալ սերտացման մէջ:
Աւարտին արուեստագէտները խօսք առնելով յայտնեցին իրենց շնորհակալական բարձր զգացումները: Յայտնենք, որ ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ 10 Նոյեմբեր, ամէն օր առաւօտեան ժամը 9:30-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:30։