Հովանաւորութեամբ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի, Ներկայութեամբ ՀՅԴ Բիրոյի անդամ, հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանի, Արժ. Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեանի, Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան, ազգային պատասխանատուներու, միութիւններու ներկայացուցիչներու, պետական, կրթական պատասխանատուներու եւ Գամիշլիի մշակութային պետական կեդրոնի պատասխանատուներուն, Երկուշաբթի, 21 Նոյեմբեր 2022-ին տեղի ունեցաւ Համազգայինի Գամիշլիի «Ա. Ահարոնեան» նոր կեդրոնի բացումը։
Կեդրոնի մուտքին ՀՄԸՄ-ի Փողերախումբը ողջունեց ներկայ հիւրերը, ապա հնչեցուց Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգները, որմէ ետք կեդրոնի բացումը կատարեցին Հոգեշնորհ հայր սուրբը, մեծարգոյ Կիրօ Մանոյեանը, Համազգայինի Ս. Շրջ. Վարչութեան ատենապետուհին եւ մասնաճիւղի ատենապետը։
Այնուհետեւ ներկաները ուղղուեցան դէպի կեդրոնի սրահ, ուր քօղազերծուեցաւ Աւետիս Ահարոնեանի կիսանդրին։ Գամիշլիի «Աւետիս Ահարոնեան» Մասնաճիւղի Վարչութեան ատենապետ Յակոբ Պարսումեան ներկաները ծանօթացուց կեդրոնի գրասենեակներուն եւ տարուող ընթացիկ աշխատանքին, ինչպէս նաեւ կեդրոնի «Աճարեան» լսարան-գրադարանին, ուր այս տարի ընթացք առաւ հայագիտականի առցանց դասընթացքը։