
Հովանաւորութեամբ Սուրէն եւ Սոնիա Սարգիսեան ամոլին, Հինգշաբթի, 6 Յուլիս 2017-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ գեղանկարիչ Սեւակ Արմէնեանի 41 իւղաներկ եւ 1 ջրաներկ գործերէ բաղկացած անհատական ցուցահանդէսին բացումը:
Բարի գալուստի խօսք արտասանեց Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի անձնակազմէն Անժելա Տաղլեան, որ գոհունակութիւն յայտնեց ցուցասրահին մէջ լիբանանահայ երիտասարդ արուեստագէտ գեղանկարիչ Սեւակ Արմէնեանի ստեղծագործութիւնները հիւրընկալելու առումով:
Արմէնեանի արուեստին եւ ստեղծագործութիւններուն մասին խօսք առաւ արուեստագէտ Միսաք Թերզեան: Ան ըսաւ, որ իւրաքանչիւր արուեստագէտ իր արուեստի գործերով կը զանազանուի ուրիշներէն` աւելցնելով, որ Սեւակ Արմէնեանի գործերուն մէջ երկրաչափական, նաեւ բնութենէն առնուած ձեւեր կան: Ան հաստատեց, որ Արմէնեան կը ստեղծէ իր երեւակայութենէն բխած նոր տիեզերք մը, որ գերիրապաշտ է եւ կը փորձէ տեսանելի նոր բառապաշար մը ստեղծել արուեստին մէջ: Թերզեան նկատել տուաւ, որ Արմէնեանի գործերը քաոսային եւ քաոսային-վերացական ըլլալով հանդերձ իմաստալից են ու հասկնալի կը դառնան մեզի, որովհետեւ ան կը գործածէ մեզի ծանօթ ձեւեր եւ գոյներու խաղեր: