
Հովանաւորութեամբ Աւստրալիոյ Համազգայինի Շրջանային վարչութեան եւ նախաձեռնութեամբ գրական-գեղարուեստական յանձնախումբին, Կիրակի 14 Օգոստոս 2016-ի երեկոյեան ժամը 5-ին Զէնիթ հանդիսասրահէն ներս տեղի ունեցաւ գեղարուեստական երեկոյ, նուիրուած վաստակաւոր երգչուհի Արաքս Մանսուրեանի գեղարուեստական գործունէութեան 45 ամեակին: Հանդիսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ նաեւ իր երեք նոր խտասալիկներու շնորհահանդէսը:
Սոյն երեկոյին ներկայ էին Հոգեշնորհ Տէր Ներսէս Աբեղայ Յարութիւնեանը, Հոգեւոր Հովիւ Հայ Առաքելական Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ, New South Wales նահանգի գանձապահ Օրդ. Կլատիս Պէրէճիքլեանը, Համազգայինի մասնաճիւղերու անդամները, քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներ, երեկոն հովանաւորողներ՝ Տէր եւ Տիկ. Տիլանջեանները եւ Տէր եւ Տիկ. Իսկէնտէրեանները, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով հայ եւ օտար հանդիսատեսներ:
Հանդիսութիւնը սկսաւ գրական-գեղարուեստական յանձնախումբի անդամ Նորա Պաստաճեանի բացման խօսքով. Ան ներկայացուց վաստակաւոր երգչուհիին ստեղծագործական կեանքը հայրենիքի եւ սփիւռքի տարածքին, ինչպէս նաեւ ձեռք բերած նուաճումները: Ապա ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, ուր Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը շնորհաւորական պատգամ կ'ուղղէ երգչուհիին ծննդեան 70-րդ եւ անոր ստեղծագործական կեանքի 45-րդ ամեակներուն առթիւ: Ցուցադրուեցաւ այլ տեսերիզ մը, ուր ներառուած էին Արաքս Մանսուրեանի կատարած դերերէն հատուածներ:
Սիլվա Իսկէնտէրեան անգլերէն, իսկ Լիլիկ Կոտոյեան հայերէն լեզուներով ներկայացուցին Արաքս Մանսուրեանի կենսագրականը, յատկապէս անդրադառնալով անոր տաղանդաւոր ընտանիքին եւ հանրահռչակ եղբօր երգահան «Մաեստրո» Տիգրան Մանսուրեանին՝ երգչուհիին երաժշտական բարգաւաճման մէջ ունեցած դերակատարութեան:
Opera Australia-ի հրաւէրով, 90-ական թուականներուն Արաքս Մանսուրեան մշտական բնակութիւն հաստատեց Սիտնի: Ան բազմալիւ անգամներ Sydney Opera, Opera Queensland եւ այլ հանրայայտ բեմերու վրայ հանդէս եկած է Ռահմանինոֆի, վերտիի եւ այլ մեծանուն յօրինողներու ստեղծագործութիւններու կատարումներով, միաժամանակ հնչեցնելով մեծանուն Կոմիտասը, Կանաչեանի եւ Տիգրան Մանսուրեանի երաժտութիւնը: Ան մեծ դերակատարութիւն ունեցած է հայկական երգարուեստն ու կոմիտասեան երաժշտութիւնը օտարներուն ծանօթացնելու գործին մէջ:
Երեկոյի ընթացքին հանդէս եկան Արաքս Մանսուրեանի օտար աշակերտները տաղանդաւոր դաշնակահար Նաթանայէլ Քոնկի նուագակցութեամբ: Անոնք մեծ զգացումով եւ հայկական հնչիւնով կատարեցին երգերը եւ արժանացան բուռն ծափահարութիւններու:
Բեմ հրաւիրուեցաւ Տէր Ներսէս Աբեղայ Յարութիւնեանը իր գնահատական եւ շնորհաւորանքի խօսքը յայտնելու մեծանուն Արաքս Մանսուրեանին:
Հանդիսութեան աւարտին Արաքս Մանսուրեան շնորհակալութիւն յայտնես երեկոն կազմակերպող գրական-գեղարուեստական յանձնախումբին, Համազգայինի Շրջանային վարչութեան, երեկոն հովանաւորող Տիկ. Տիլանջեաններուն եւ Տէր եւ Տիկ. Իսկէնտէրեաններուն:
Աւստրալիոյ Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան պատգամը փոխանցեց Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Գալօղլեանը: Ան յատկապէս անդրադարձաւ Արաքս Մանսուրեանի տարած մեծ գործունէութեան, թէ Արաքսը հեռաւոր Աւստրալիա փոխադրուելով իր հանգիստը չհետապնդեց, այլ մեծ առաքինութեամբ մինչեւ օրս ան հայկական երաժտութիւնը եւ մշակոյթը կը սորվեցնէ օտար աշակերտներուն:
Երեկոյի աւարտին բեմ հրաւիրուեցան բոլոր մասնակիցները եւ գեղեցիկ ծաղկեփունջերով գնահատուեցան: Ապա տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: