![](https://hamazkayin.com/wp-content/uploads/2018/10/default.jpg)
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, Ուրբաթ, 21 Դեկտեմբեր 2007ի երեկոյեան ժամը 8:30ին, Համազգայինի «Լ. Շանթ» մշակութային կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Լ. Շանթ» կեդրոնի 20ամեակի տօնակատարութիւնը՝ ներկայութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գեղամ եպս. Խաչերեանի, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեանի, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամներու եւ հոծ բազմութեան մը:
Հանդիսութիւնը սկսաւ «Լ. Շանթ» մշակութային Կեդրոնի հիմնարկէքի տեսաերիզին ցուցադրութեամբ, որուն մէջ հիմնարկէքի արարողութեան ընթացքին նաեւ իր սրտի խօսքը կը փոխանցէր կեդրոնի հիմնադիրներէն Գրիգոր Շահինեան: Ապա Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անունով խօսք առաւ Սեպուհ Այնթապեան, որ ըսաւ, թէ այսօր, Համազգայինի «Լ. Շանթ» մշակութային կեդրոնի հիմնադրութեան 20ամեակին նուիրուած այս հանդիսութիւնը, կեդրոնին մէջ գործող բոլոր միաւորներուն աշխատանքներուն ընթացքը, շէնքին մէջ գոյութիւն ունեցող միաւորներուն գործունէութիւնն ու համազգայնական առողջ շունչը արդէն բաւարար ապացոյցներ են հաստատելու 20ամեայ գոյերթին շարունակութիւնը: Խօսքի աւարտին Այնթապեան նշեց, որ հարկ է պահպանել Համազգայինի առաքելութեան նկատմամբ գոյութիւն ունեցող հաւատքը ու համազգայնական անսակարկ նուիրումը՝ շարունակելու համար երկու տասնամեակ առաջ սկսած աշխատանքը: Ապա բեմ բարձրացաւ «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլէճի շրջանաւարտ եւ Կոմիտասի անուան երաժշտանոցի ուսանող Տաթեւիկ Արթինեան, որ դաշնամուրի վրայ նուագեց Կոմիտասի «Գարուն ա» ստեղծագործութիւնը, որմէ ետք «Կարկաչ» երիտասարդական երգչախումբը՝ խմբավարութեամբ Զաքար Քէշիշեանի, ելոյթ ունեցաւ երեք երգերով՝ «Գարուն Երեւան», «Պլպուլի հիտ» եւ «Դու իմ հպարտ հայ աղջիկ»: Վերջին երգին մենակատարումով մասնակցեցաւ Երուանդ Քէշիշեան ու երգչախումբին դաշնամուրով միացաւ Կամիլա Քէշիշեան:
Համազգայինի «Լ. Շանթ» կեդրոնի 20ամեակին նուիրուած հանդիսութեան առաջին բանախօսն էր Գեղանի Էթիեմեզեան, որ նշեց, թէ քսանամեայ «Լ. Շանթ» կեդրոնը «միամիտ» նախաձեռնութեան արգասիքն է, որ յանդուգն քայլ մըն էր: Էթիեմեզեան յայտնեց, թէ «Աղբալեան-Հ.Մ.Ը.Մ.» մարզամշակութային կեդրոնին մէջ երկրորդ բաժանմունքին հաստատումը կրկնակիօրէն կը վկայէ, որ Համազգայինի առաքելութիւնը՝ մշակութային գործունէութիւն ծաւալելու ու մշակոյթը ժողովրդականացնելու, կը շարունակուի նախատեսուած ձեւով եւ համապատասխան թափով: Ապա «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլէճի Կիթառահարներու համոյթը՝ ուսուցիչ Մկրտիչ Միքայէլեանի գլխաւորութեամբ ելոյթ ունեցաւ երկու նուագով՝ «Ֆեսթիլարեան» եւ «Մալակենիա»:
Հանդիսութեան երկրորդ բանախօսն էր Յովհաննէս Թասլաքեան: Ան ըսաւ, որ կեդրոնի հիմնադրութեան մէջ մեծ է դերակատարութիւնը Գրիգոր Շահինեանին: Թասլաքեան յայտնեց, թէ կեդրոնը սփիւռքեան իրականութեան մէջ որակաւոր եւ եզակի կառոյց մըն է, որ իր կարգին ծառայեց մշակոյթի մարզին մէջ Սփիւռք-Հայաստան երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման ու ամրապնդման: Թասլաքեան հաստատեց, որ մեր հասարակութեան մէջ գեղարուեստական ճաշակի յառաջընթացին մէջ մեծ ներդրում ունեցած էր եւ ունի «Լ. Շանթ» մշակութային կեդրոնը՝ իր բոլոր կառոյցներով:
Գեղարուեստական յայտագիրի վերջին բաժինով սրինգով ելոյթ ունեցաւ Նարինէ Չիլինկիրեան եւ դաշնամուրով «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլէճի տնօրէն Արմէն Քէչէկ, որոնք ներկայացուցին Ռախմանինովի «Վոքալիզ» գործը:
Հանդիսութեան աւարտին Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան խօսքը փոխանցեց Վաչէ Փափազեան, որ ըսաւ, թէ ասիկա տօնական օր մըն է, որովհետեւ 20ամեակն է յաղթական, կառուցողական ու լաւատեսութիւն ներշնչող նախաձեռնութեան մը՝ «Լ. Շանթ» մշակութային կեդրոնի հիմնադրութեան: Փափազեան նշեց, թէ լիբանանահայութիւնը այս կեդրոնին հիմնադրումով մէկ կողմէ կ`ապացուցէ, որ ինք երկրպագուն է մշակոյթի, որ ինք մեծ սէր ունի բարձրորակ արուեստին նկատմամբ, եւ, միւս կողմէ, որ ինք չի բաւարարուիր պատահական ու անցողիկ գործունէութեամբ, չի բաւարարուիր իրողական մօտեցումներով, այլ գիտէ երեւակայել, ծրագրել եւ կառուցողական քայլեր առնել, գիտէ յաղթանակ արձանագրել արհեստավարժ գետնի վրայ, ատակ է հեռատես մօտեցումով յառաջացնել կառոյցներ, որոնք պիտի ծառայեն հաւաքական նոր մագլցումները կարելի դարձնելու: Իր խօսքի աւարտին Վաչէ Փափազեան յայտնեց, թէ պէտք է խոստանալ յարատեւօրէն վառ պահել մշակոյթի այս օճախը, բոլորուիլ անոր շուրջ եւ գուրգուրալ անոր վրայ: