Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան, Կիրակի, 12 Մայիս 2013-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայկական ժողովրդային, աշուղական եւ օտարալեզու երգերու մենահամերգ մը` կատարողութեամբ անուանի երգիչ Գէորգ Պեպեճեանի: