Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 5ի երեկոյեան, Կլէնտէյլի հանրային գրադարանին մէջ տեղի ունեցաւ Գէորգ Պետիկեանի «Բարեւ Հալէպ» նոր երկի գինեձօնը:
Օրուան հանդիսավար Անիթա Հաւաթեանը ներկայացնելէ ետք Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան տեղն ու գործունէութիւնը սփիւռքահայութեան կեանքին մէջ, հրաւիրեց Համազգայինի Շրջանային վարչութեան փոխ ատենապետ դոկտ. Տիգրան Պապիկեանը՝ փոխանցելու համար վարչութեան խօսքը, զոր սկսաւ մէջբերումով մը, «Ասպարէզ»ի մէջ լոյս տեսած Պօղոս Գուբելեանի յօդուածէ մը, ուր արտայայտուած է այն մտահոգութիւնը, թէ սուր ձեւով պակսած են հայագիր գրողներ, ինչպէս նաեւ՝ հայերէնատիպ հրատարակութիւններ, հրատարակիչներ եւ սպառողներ:
Գեղարուեստական յայտագիրը սկսաւ հանրածանօթ սոփրանօ Հեղինէ Հարպոյեանի Թումանեանի գրած «Իմ Երգը»՝ Ալէմշահի երաժշտութեամբ եւ Ալան Յովաննէսի «Եար Նազանի» երգերու կատարումով` Կարինէ Տէր Գէորգեանի դաշնամուրային նուգակցութեամբ. ապա հանդիսավարը ընթերցեց շնորհաւորագրեր եւ Հալէպէն յատուկ այս առիթով ստացուած ցնծութեան խրախուսական նամակ մը:
Օրուան բանախօսն էր Հալէպէն այս գինեձօնին համար յատուկ ժամանած հրապարակագիր եւ գրող, մեծարեալին նախկին աշակերտուհի Պերճուհի Աւետեանը: Ան գծեց Գէորգ Պետիկեանի անհատական ուրուագիծը՝ 1968էն սկսեալ, երբ երիտասարդ հեղինակը ոտք կոխած է ուսուցչական աշխատանքի սեմը. ան պատմեց Պետիկեանի լրջութեան եւ միաժամանակ զուարթ նկարագրի, խորիմաստ թելադրանքներու եւ կատակախօսութիւններու մասին:
Աւետեան անդրադարձաւ այդ թուականներուն հասունցած հալէպահայ գրական ստեղծագործութիւններուն մասին. յիշեց «Մանկութիւն Չունեցող Մարդիկ»ը (Անդրանիկ Ծառուկեան), «Հացի Եւ Լոյսի Համար» (Մուշեղ Իշխան) եւ այլ հրատարակութիւններ, որոնց արժանի շարունակութիւնն է «Բարեւ Հալէպ»ը, նկարագրելով յետեղեռնեան անտուն ու անհող հայուն կեանքը, անոր պայքարը՝ իր վիճակը բարելաւելու համար եւ դէպի փայլուն ապագայ սլանալու կորովը: Սակայն Պետիկեանի մօտ այդ բոլորը կը հրամցուին երգիծանքի ու ծիծաղի շղարշով մը ծածկուած: Աւետեան նաեւ անդրադարձաւ սփիւռքի գրականութեան մէջ սպրդած օտարաբանութիւններուն եւ անոր հակադրեց Պետիկեանի գրելաոճը, որ կը փորձէ երկերուն լեզուն պահել մաքուր եւ զուլալ, առանց կորսնցնելու այնտեղ զգալի պարզութիւնը:
Մանրամասնութիւններ պատմելով Գինեձօնուած երկին մասին՝ Աւետեան ներկայացուց, թէ գիրքը կÿընդգրկէ 21 արձակ եւ 4 չափածոյ կտորներ, (ոչ բոլորը, բայց) մեծ մասամբ նուիրուած 40 տարի բաժանումէ ետք հեղինակին Հալէպ այցելութիւն-ուղեւորութեան՝ վերադարձին դէպի այդ պարզունակ կեանքը եւ պարզունակ բայց շատ մարդասէր բնակիչները: Գիրքին մէջ տեղ գտած են նաեւ ամերիկեան միջավայրէն քաղուած միջադէպեր եւ մտորումներ: Նկարագրութիւններուն յուզականութիւնը խորապէս տպաւորիչ դարձուցած է գիրքին բոլոր կտորները: Աւետեան իր ելոյթը եզրափակեց, ըսելով. ««Բարեւ Հալէպ»ը ջերմացուց Սփիւռքի գրականութեան գորշ երկինքը»:
Գեղարուեստական յայտագիրին երկրորդ բաժինը կատարեց յայտնի դերասան եւ բեմադրիչ Սեդրակ Պրոնզեանը՝ «Անմեղ Կատակը» երգիծական պատմուածքի ընթեցում-ներկայացումով:
Հեղինակը բեմ հրաւիրելէ առաջ, հանդիսավարը ներկայացուց անոր կենսագրական սեղմ ուրուագիծը, իբրեւ ուսուցիչ, գործիչ, թղթակից, հրապարակախօս եւ գրող՝ Հալէպ, Պէյրութ, Տիթրոյթ եւ Լոս Անճելըս:
Գէորգ Պետիկեան փորձեց շատ կարճ ժամանակուան մէջ խօսիլ զինք դէպի գրել մղող շարժիչ ուժերուն մասին, որոնց գլխաւորը դասեց իր սէրը դէպի մայրենին եւ ազգային գրականութիւնը. ան ըսաւ, թէ գիրքը հեղինակին շունչն է եւ լեզուն. ան խորապէս գնահատեց ընթերցասիրութիւնն ու գրական աշխատանք տանողներուն ջանքերը եւ այդ առիթով մեծապէս արժեւորեց 150է աւելի ունկնդիրներուն ներկայութիւնը, որուն համար իսկ կÿարժէ անխոնջ աշխատանք տանիլ՝ ծառայելու հայ գրականութեան եւ լեզուին:
Պետիկեան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց նաեւ Պերճուհի Աւետեանին, որ յանձն առած էր երկար ուղեւորութիւն մը կատարել՝ լաւագոյնս ներկայացնելու համար գրական նոր գործը, ինչպէս նաեւ՝ Համազգայինի Շրջանային վարչութեան, որ ստանձնած է գուրգուրալ իր հովանիին տակ փթթող ու հասակ առնող գրիչներուն եւ այդ նպատակով կազմակերպած՝ այս միջոցառումը, գեղարուեստական յայտագիրը կատարողներուն եւ իր ընտանիքի անդամներուն, որոնք միշտ նեցուկ կանգնած են իրեն, աշխատանքային սպառիչ օրերէն ետք՝ գրասեղանին ետին նստելու եւ գրական արդիւնաւէտ աշխատանք տանելու:
Գիրքին վրայ գինի հեղելու արարողութեան մասնակցեցան խումբ մը մտաւորականներ, վարչականներ եւ գեղարուեստական յայտագիր մատուցողները:
Ձեռնարկին ներկայ էին քանի մը թերթերու եւ հեռատեսիլի ներկայացուցիչներ, ինչպէս՝ «Ասպարէզ»ի թղթակիցը եւ «Հորիզոն»ի նկարահանողներու անձնակազմը:
(Քաղուած Ասպարէզէն)