
10 Հոկտեմբեր 2025-ին Երեւանի Պետական Համալսարանի հայ բանասիրութեան հիմնարկի դահլիճէն ներս տեղի ունեցաւ Ռազմիկ Դաւոյեանի գրական գործունէութեան մասին պատմող գիտաժողով` նուիրուած անուանի բանաստեղծի ծննդեան 85-ամեակին։
Ժամանակակիցները յիշեցին ու արժեւորեցին բանաստեղծի գրական ուղին եւ կարեւոր համարեցին անոր թողած հարուստ ժառանգութիւնը։
Գիտաժողովը կազմակերպուած էր Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Երեւանի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ եւ ԵՊՀ Հայ բանասիրութեան հիմնարկին գործակցութեամբ։
Համազգայինի Երեւանի գրասնեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեանի խօսքով՝ գիտաժողովը առիթ է անգամ մը եւս նշանաւորելու Ռազմիկ Դաւոյեանի գրական վաստակը, քանզի, ինչպէս նշեց Ռ. Առաքելեան, հայ գրականութեան տաղանդաւոր բանաստեղծ Ռազմիկ Դաւոյեան իր ստեղծագործութիւններով կամրջեց անցեալն ու ներկան` բանալով յաւիտենականութիւն տանող դուռը։ «Տարիներու ընթացքին ան իր ներկայութեամբ կրցաւ բովանդակել այն միջավայրը, որուն մէջ գտնուեցաւ։ Ան ղեկավարեց գրողներու միութիւնը, եղաւ Հայաստանի նախագահի խորհրդական, Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի հիմնադիր անդամ, աշխոյժ գործունէութիւն ունեցաւ հասարակական, քաղաքական կեանքի մէջ։
Քանի՜ սերունդ ապրեցաւ անոր պատգամներով եւ տակաւին քանի՜ սերունդներ անոր ստեղծագործութիւններով պիտի հաղորդակցին բարձրարժէք գեղարուեստին, ապրին մարդկային այն հոգեվիճակները, որ Դաւոյեան բանաստեղծը հանճարի ուժով փոխանցած է մեզի»,- ըսաւ Ռուզան Առաքելեան։
Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Արտաշէս Շահպազեան իր խօսքին մէջ նշեց. «Ան շատ բուռն մտաւ բանաստեղծութեան աշխարհ, շատ երիտասարդ էր, երբ արդէն զայն կը դիտէին որպէս լիիրաւ բանաստեղծ։ Մեծ երեւոյթներէն երեւի պէտք է քիչ մը հեռանալ, որպէսզի կարենաս գնահատել անոնց իրական մեծութիւնը։ Կը կարծեմ, որ Դաւոյեան ոչ միայն պիտի մնայ, Դաւոյեան տակաւին պիտի մեծնայ։ Ան տակաւին ամբողջապէս բացայայտուած եւ ճանչցուած չէ։ Այս գիտաժողովը Դաւոյեանը գիտական մակարդակով արժեւորելու փորձ է, որ արդէն իսկ գնահատական է»։
Համաժողովին հանդէս եկան նաեւ ԵՊՀ հայ բանասիրութեան հիմնարկի դեկան Արշալոյս Գալստեան, Լոնտոնի համալսարանի լեզուաբանութեան դոկտոր, Ռազմիկ Դաւոյեանի կինը՝ Արմինէ Թամրազեան-Դաւոյեան, պ.գ.դ., փրոֆեսոր Դաւիթ Գասպարեան, արուեստագիտութեան դոկտոր, փրոֆեսոր Աննա Ասատրեան, բ.գ.դ., փրոֆեսոր Սուրէն Աբրահամեան, բ.գ.դ., փրոֆեսոր Սոքրատ Խանեան, բ.գ.դ., դոցենտ Կարինէ Մարտիրոսեան, արուեստագիտութեան թեկնածու, դոցենտ Անուշ Ասլիբեկեան, գրականագէտ Քնարիկ Աբրահամեան։
Գիտաժողովին ներկայ էին Ռազմիկ Դաւոյեանի գրական, կուսակցական ընկերները, ուսանողներ, գրականագէտներ, անոր գրականութիւնը սիրող ու գնահատող մարդիկ։
Համազգայինի Երեւանի գրասենեակ
