«ԳԻՐՔԸ ՄԵՐ ԸՆԿԵՐՆ Է, ԻՍԿ ՀԵՔԻԱԹԸ՝ ՄԵՐ ԵՐԵՒԱԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ» ծրագիրի ծիրէն ներս, Համազգայինի Վալանսի «Լ. Շանթ» մասնաճիւղը, 30 Հոկտ. 2018-ի յետմիջօրէին, Հայ Մշակոյթի Տան մէջ կազմակերպեց Ներկայացում մը՝ «Պույ֊Պույ Մկնիկը» Դերենիկ Դեմիրճեանի համանուն հեքիաթի հիման վրայ։
Ձեռնարկը սկսաւ գիրքին ընթերցումով, Մարալ Հարպոյեանին եւ Բէկի Էքմանեանին կողմէ, որոնք մկնիկին օգնութեամբ եւ դերասանական շարժումներով փորձեցին երեխաներուն երեւակայական աշխարհը զարգացնել, հիմնական նպատակ ունենալով ընթերցանութեան քաջալերանքը նոր սերունդին մօտ։
Երեխաները շատ ուրախ եւ լուրջ մտիկ կ'ընէին եւ կը պատասխանէին ուսուցչուհիներուն հարցադրումներուն։ Անոնց ուրախութիւնը առաւել կրկնապատկուեցաւ, երբ իւրաքանչիւրին երեսին նկարուեցաւ Պույ-Պույ մկնիկին քթիկն ու բերանը։ Երեխաները միաժամանակ ծանօթացան նաեւ մկնիկին կիթառին եւ համտեսեցին կոկոսը։ Ապա տեղի ունեցաւ գծաշարժապատկերին ցուցադրութիւնը։ Երեխաներուն բարձր տրամադրութեան միացան երգն ու պարը եւ զուարճալի խաղերը։
Աւարտին, երեխաներուն բաժնուեցան Պույ-Պույ մկնիկին նկարն ու երգին բառերը։ Ապա փոքրիկ հիւրասիրութեամբ մը վերջ գտաւ սոյն ձեռնարկը։
Արենի Չոլաքեան եւ Սէրլի Եմէնճեան (Դաւիթեան դպրոցի աշակերտներ)