
«Ազդակ» օրաթերթ.- Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան գրատարածի կազմակերպած մանկական գիրքի պատրաստութեան մրցանքի բնոյթին եւ մանրամասնութիւններուն ծանօթանալու համար, Ուրբաթ, 8 Ապրիլ 2016-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ մրցանքի մասնակցութեան դիմում կատարած աշակերտներու հաւաք – նախապատրաստական հանդիպում մը:
Յայտնենք, որ լիբանանահայ 13 վարժարաններէ միջնակարգ եւ երկրորդական բաժիններու 70 աշակերտներ կը մասնակցին այս մրցանքին: Հաւաքին ներկայ գտնուեցան նաեւ ուսուցիչներ:
Նախ եւ առաջ, հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան անհրաժեշտ գործնական բացատրութիւնները տուաւ մրցանքին մասին` մաղթելով, որ դատական կազմին գնահատանքին կ՛արժանանան ոչ թէ երկու, ինչպէս յատարարուած է հաղորդագրութեան մէջ, այլ երկուքէն աւելի աշակերտներ, եւ մենք կ՛ունենանք սփիւռքի մէջ մանկական գրականութիւնը հարստացնող պատանի հեղինակներ: Ապա հրաւիրեց Հայկազեան համալսարանի դասախօս Շաղիկ Խիւտավերտեանը, որպէսզի գիրքի պատրաստութեան աշխատանքին համար պէտք եղած ուղղութիւնները եւ սկզբունքները փոխանցէ:
Խիւտավերտեան անդրադարձաւ հիմնական գործօններու` թեմա, լեզու, հերոս, հետաքրքրաշարժ դէպքեր, շարժում, երեւակայութիւն, եւ այլ տուեալներու, որոնք մանուկին մօտ կը ստեղծեն լայն հետաքրքրութիւն եւ գիրքը կը դարձնեն գրաւիչ:
Աւարտին Խիւտավերտեան պատասխանեց աշակերտներու հարցումներուն: