
15 Հոկտեմբեր 2016-ին Համազգային Նուպար Խաչատուրեան Թատերախումբը հանդէս եկաւ իր երրորդ թատերական ելոյթով՝ «Գիւղէն Իջաւ Ղազարը» խորագրով, հեղինակութեամբ Կարօ Խաչիկեանի, հովանաւորութեամբ թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Տէր Հայկազուն Եպիսկոպոս Նաճարեանի:
Թատերասէր հասարակութիւնը կանուխէն գրաւած էր իր տեղը Zenith դահլիճին մէջ՝ պատրաստ ըմբոշխնելու զաւեշտը, որ ներկայացուեցաւ երկու անգամ՝ կ.ե. 4.30-ին եւ 7.30-ին:
Կատակերգական մօտեցումով եւ շատ կարճ ողջոյնի խօսքէն ետք սկսաւ ծիծաղը: Իւրաքանչիւր դերակատար մասնագիտական եւ սքանչելի խաղարկութեամբ հանդէս եկաւ եւ հետաքրքրական դարձուց օրուան պատգամը:
Մեր առօրեային հետ առնչութիւն ունեցող ներկայացումը ցոյց կու տար նկարագրի զանազան գիծերը մարդոց, որոնք նիւթապաշտութեան սիրոյն ի՜նչ ի՜նչ քայլերու կը դիմեն հասնելու իրենց երազանքին, ինչպէս նաեւ ցոյց տուաւ որ գիւղացին իր պարզութեամբ միշտ կը գերազանցէ քաղաքացին, որ մոլորուած եւ տարուած է իր խաբեբայութեամբ ու կեղծիքներով լեցուն կեանքին հետ: Ներկաները ծիծաղին հետ տարին բարոյական մեծ դասեր: Կեանքի դպրոցէն քաղեցին լայն գիտելիքներ:
Թատրոնի աւարտին ընկերուհի Ազնիւ Ինկիլիզեան բեմ հրաւիրեց բոլոր դերակատարները եւ յանձնախումբի անդամները գնահատելելու անոնց տարած տքնաջան աշխատանքը: Ան պարգեւատրելու բաժինը յանձնեց վաստակաւոր երգչուհի եւ դերասանուհի Զուարթ Սմսարեանին:
Յիշուեցաւ նաեւ, թէ օրուան հասոյթին մէկ մասը պիտի յատկացուի հալէպահայութեան՝ իրենց անմիջական կարիքները հոգալու:
Յայտագրի աւարտին Արժանապատիւ Տէր Պարթեւ Քահանայ Գարաքաշեան տուաւ իր սրտառուչ խօսքը եւ շնորհաւորեց թատերախումբի լման կազմը:
Վարձքը կատար Նուպար Խաչատուրեան Թատերախումբի բոլոր դերակատարներուն:
Ազնիւ Ինկիլիզեան