Միջին Արեւելք
Շրջանային Վարչութիւններ
Յունիս 2023-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ երեք ներկայացումներով ելոյթ ունեցաւ Գիւմրիի Վարդան Աճէմեանի անուան պետական տրամաթիքական թատրոնը, որ Լիբանան կը գտնուէր հրաւէրով Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան: Արդարեւ, Չորեքշաբթի, 7 Յունիսին ներկայացուեցաւ «Տունը սահմանին», Հինգշաբթի 8 Յունիսին` «Փարիզը վտանգաւոր քաղաք է», որոնցմէ իւրաքանչիւրը իր նիւթով, խաղարկութեան ոճով եւ մարմնաւորած խորհուրդով տպաւորեց երկու օրերուն ալ սրահը լեցուցած լիբանանահայերը, իսկ Ուրբաթ 9 եւ Շաբաթ 10 Յունիսին մանուկները իրենց շուրջ համախմբեցին «Քեռի քուչին, Թոմ էնտ Ճերին եւ միւսները» մանկապատանեկան ներկայացումները: