
«Արուեստին նպատակը արուեստն է, իսկ կեանքին նպատակը կեանքը»։
Հէնրիք Յովհաննէսեան
Մէկտեղելով ծիծաղանքն ալ արուեստին, կ՛ըսենք թէ երգիծաբանները՝ իրականութիւնը գեղարուեստական արտացոլման իւրայատուկ գրչով, կը ներկայացնեն հանրութեան կեանքին նպատակը։ Ընդունած ենք եւ կը շարունակենք շեշտել, թէ ծիծաղը առողջարար է։ Այս մասին երկու կարծիք չկայ, իսկ թէ ի՛նչն է ծիծաղելին, այդ կ՛որոշէ հաւաքականութեան մշակոյթը։ Սուքիաս Թորոսեանի խօսքով՝ սեփականութիւն դարձնենք հետեւեալ միտքը՝ «Երգիծանքը նոյնպէս մշակոյթ է»։
Սոյն շինիչ նշանաբանով խիստ հետաքրքրական օր էր Շաբաթ, 5 Մայիս 2018 -ի երեկոն։ Երկու տարբեր ժամերու ներկայացմամբ, հանրութիւնը ըմբոշխնեց՝ Համազգայինի Նուպար Խաչատուրեան թատերախումբի «Գրագէտը» կատակերգութիւնը՝ իր երկու արարով։ Հանրութիւնը որոշուած ժամուն համախմբուած էր Զէնիթ դահլիճէն ներս։ Ներկայ էին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ եւ համեստ թատերասէր խաւ մը։
Ինչպէս միշտ, անգամ մը եւս բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ազնիւ Ինկիլիզեան եւ իր յախուռն արտայայտութեամբ կենդանութիւն սփռեց չորս դին, եւ այսպէս՝ թատրոնը ընդգրկեց իր ընթացքը։
«Գրագէտը» խորագրով, հեղինակ եւ բեմադրիչ Կարօ Խաչիկեան, առեղծուածային հիմքով կատարած էր երգիծական իր ստեղծագործութիւնը։ Կու տար կեանքի այլեւայլ կողմերը հմուտ խաղարկութեամբ։ Իր շուրջ բոլորած դերակատարները, պատանի, երիտասարդ թէ երէց բոլորն ալ անխտիր թերութիւններ թէ առաւելութիւններ հարազատ, անկեղծ ու ճշգրիտ նկարագրով` տուին իրենց դերերուն ընդմէջէն։ Յառաջացուցին խոր ծիծաղ մը դահլիճէն ներս։ Պէտք է շեշտենք որ այս կատակերգութեան յարուցած բարձրաձայն ծիծաղի ընկալումը հաւաքական էր։ Սրահը ամբողջութեամբ յարատեւօրէն առանց որեւէ ընդհատումի ժպիտ, ծիծաղ ու խնդուք լեցուեր էր։ Այս յարուցուած ծիծաղը ցուցանիշն էր հանդիսատեսի զգացական ներգրաւուածութեան եւ զօրակցութեան, իր եւ բեմին միջեւ։
Ի՞նչն էր արդեօք «Գրագէտը» կատակերգութեան խորախորհուրդ իմաստը։
- Հաւասարութեան կարեւորութիւնը՝ ընտանեկան յարկէն ներս, մանաւանդ ծնողք եւ զաւակներու փոխյարաբերութեան կապակցութեամբ։
- Խիստ կարեւոր, դարձեալ նկատել եւ յատուկ ուշադրութիւն դարձնել որպէս Հայր, չանտեսելու զաւակներէն մին, ապա՝ աւելի արժեւորելու միւսը։
- Յանկարծ կը պատահի անսպասելին եւ ամօթով դուրս կու գայ լոկ ծնողքը։
- Ակնյայտ էր թատրերգութեան մէջ, ըստ հայկական սովորութեան, մայր թէ զոքանչ իրարու հետ համերաշխ ընթացքի մէջ չըլլալու բաժինը։ Անոնք անվերջ բախումներու մէջ էին եւ յոյժ նախանձ մը կար իրարու հանդէպ։ Այս երկու դերակատարները, Զուարթ Սմսարեան եւ Վարդիթեր Ներսէսեան, այնքան հարազատ կը ներկայացնէին իրենց դերը, կարծես իսկական մայր ու զոքանչ ըլլային։
Գնահատելի էին, հեղինակ եւ բեմադրիչ Կարօ Խաչիկեանի հոգեկան ապրումները, երբ հազիւ երեք օրեր առաջ, կորսնցուցած էր իր հարազատ հայրը։ Ան առանց զգալի դարձնելու հանրութեան իր պարտականութիւնը լիուլի կատարեց եւ տիպար օրինակը հանդիսացաւ թատրոնի խումբին։
Քաջալերական էր եւ յոյժ գնահատանքի արժանի երիտասարդութեան զոհողութիւնը, յատկանշական էին անոնց յարատեւ կեցուածքը, խանդն ու կորովը։
Թատրոնի աւարտին պարգեւատրուեցան դերասանները մէկ առ մէկ, որմէ ետք բեմ հրաւիրուեցաւ Սրբազան հայրը։ Ան տուաւ իր սրտի խօսքը մէջբերելով թէ «իւրաքանչիւրիս կեանքը ինքնին դերասանութիւն է»։ Ապա հայրական օրհնութեամբ եւ պահպանիչով երեկոն հասաւ իր աւարտին։
Յառաջ սիրելի «Նուպար Խաչատուրեան թատերախումբ» յաջորդ ձեր ներկայացման։
Թղթակից