Եւրոպա

Երկուշաբթի, 13 Մայիս 2024-ին, Համազգային Փարիզ կազմակերպած էր գրական երեկոյ մը, նուիրուած Գրիգոր Պըլտեանի «Գիշերադարձ» հատորներու շարքին:
Երիտասարդ գրող՝ Ինալքօ համալսարանի հայկական բաժնի դասախօս, Քրիստիան Բադիկեան ներկայացուց Պըլտեանի գրական գործերը, 60-ականներէն Փարիզ հաստատուելէն ի վեր:
Պըլտեան՝ պատումի (récit) ընդմէջէն լոյսի կը հանէ աղէտի առաջին սերունդի, մութի մէջ մնացած սերունդի մտաշխարհն ու պատմութիւնը։ Բադիկեան անդրադարձաւ նաեւ շարքին վերջին գրքին «Ամերիքա», հրատարակուած 2022-ին, Սարգիս Խաչենց հրատարակչատան կողմէ: