Եւրոպա

Երկուշաբթի, 19 Մայիս 2025-ին, Գրիգոր Պըլտեանի «Գիշերադարձ» շարքի գիրքերու ֆրանսերէն թարգմանութեան առթիւ, Համազգայինի Փարիզի մասնաճիւղը կազմակերպեց հանդիպում մը Գ.Պըլտեանի եւ Սօնա Պէքմէզեանի հետ:
Վերջին թարգմանութիւնը՝ «Անունը լեզուիս տակ» գիրքին, լոյս տեսաւ ֆրանսերէնով, Գլասիք Կարնիէ հրատարակչատան կողմէ, «Nom» խորագիրով: Թարգմանիչը՝ Սօնա Պէքմեզեան ներկաներուն բացատրեց թարգմանական աշխատանքին մասին եւ անդրադարձաւ Պըլտեանի գիրքերու գրական արժէքին եւ կարեւորութեան՝ արդի հայ գրականութեան համար:
Ան շեշտեց շարքին կարեւորութիւնը պատմական իմաստով ալ, գրողը յայտնութեան բերած է «անյայտ մարդոց» պատումները:
Քանի մը էջերու ընթերցումներ՝ հայերէն եւ ֆրանսերէն, առիթը տուին ծանօթանալու գործին: