Կազմակերպութեամբ Քեսապի Համազգայինի Համօ Օհանջանեան Մասնաճիւղի «Գրական Խմբակ»ին, Ուրբաթ, 13 Ապրիլ 2012-ի երեկոյեան, ներկայութեամբ մօտ քառասուն գրասէրներու տեղի ունեցաւ «Գրական Երեկոյ» մը, որուն նիւթն էր՝ «Վրէժ Գլընճեան-Թուրեան, Մարդը, Բանաստեղծը, Արձակագիրը»:
Նիւթը ներկայացուց Նշան Պասմաճեան: Ներկայացման ընթացքին բանաստեղծութիւններ եւ արձակ էջեր ընթերցեցին Յասմիկ Աւագեան-Սաղտըճեան, Վանա Դանիէլեան եւ Արա Քէշիշեան: Գրագէտը անհանգստութեան պատճառաւ ներկայ չգտնուեցաւ: Հանդիսութեան աւարտին խօսք առաւ գրագէտին կինը՝ Էլօ Գլընճեան, յայտնեց իր երախտագիտութիւնը Համազգայինին եւ փոխանցեց Վրէժի բարեմաղթանքները ներկաներուն:
«Գրական Խմբակ»ի հաւաքները տեղի պիտի ունենան ամսական դրութեամբ: Մօտ օրէն պիտի սկսի տպագրութիւնն ու ցրուումը «Գրական Լրատու»ի մը, որուն համար իրենց գործնական մասնակցութիւնը փափաքած են բերել աւելի քան քսան գրասէրներ:
«Խմբակ»ի նպատակն է գրական ճաշակի զարգացման գործընթացի ապահովումը հայաբոյր Քեսապ աւանի հայորդիներուն մօտ: