
Կիրակի, 12 Հոկտեմբեր 2025-ին, Հովանաւորութեամբ Գերաշնորհ Տէր Վարդան Եպիսկոպոս Նաւասարդեանին, Համազգայինի Գրական-Գեղարուեստական Յանձնախումբի կազմակերպութեամբ, Սուրբ Յարութիւն Եկեղեցւոյ Էտկարեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ գրական ձեռնարկ նուիրուած Աւետիք Իսահակեանի ծննդեան 150-ամեակին:
Յանձնախումբի ատենապետ Լիլիկ Կոտոյեանի բացման խօսքէն ետք, Զարուհի Մանուկեան անդրադարձաւ Իսահակեանի կենսագրութեան: Վարդենի Խուտէցեան արտասանեց Իսահակեանի «Մնացի Կարօտ Իմ Հայրենիքին» բանաստեղծութիւնը, որմէ ետք Տիկին Նորա Պասթաճեան ներկայացուց Իսահակեանի քաղաքական գործունէութիւնը: «Նուկիմ Քաղաքի Խելօքները» հեքիաթը ընթերցեց վաստակաւոր ասմունքող Մանուկ Կոտոյեան: Իսկ իր տիրական ձայնով Սագօ Գաբրիէլեան մեներգեց «Օտար Ամայի Ճամբէքի Վրայ» հանրածանօթ երգը: Իսահակեանի մեծ սիրոյ մասին անդրադարձաւ Սիլվա Նազարեան:
Յանձնախումբը Առաջնորդ Սրբազան Հօր օգնութեամբ կարողացած էր ուղիղ եթեր կապուիլ Իսահակեանի Գիւմրիի Տուն-Թանգարանի Տնօրէն Կարինէ Վիրապեանի հետ, որ բացատրութիւն տուաւ թանգարանի ընդհանուր գործունէութեան մասին:
Սիլվիա Իսքէնտէրեան անդրադարձաւ Իսահակեան մեծ հայրենասէրի գործունէութեան յօգուտ Հայրենիքին:
Եկեղեցւոյ երգեցիկ Քառեակը յանձինս եւ գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Պօղոս Սրկ. Քէլէշեանի, մասնակցութեամբ Արի եւ Ալին Եափուճեանի եւ Քէթի Բրուտեանի կատարեցին «Արեւն Իջաւ Սարի Գլխուն», «Դարդս Լացէք», «Մայրիկս» (սրինգի ընկերակցութեամբ Քէթի Բրուտեանի), «Զարօ» երգերը մեծապէս տպաւորելով ներկաները:
Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Վիգէն Գալլօղլեան անդրադարձաւ Իսահակեանի ազգային-կուսակցական գործունէութեան եւ Հայրենիք վերադարձէն ետք վարած կեանքին: Ան նաեւ ընթերցեց Իսահակեանի եւ Սիմոն Վրացեանի միջեւ փոխանակուած նամակներէն, որոնք պատմական վկայութիւններ են:
Նանօր Աշըքեան ասմունքեց «Ասպետի Սէրը» բանաստեղծութիւնը, գնահատելի մեկնաբանութեամբ, իսկ Ազնիւ Ինկիլիզեան ներկայացուց Իսահակեանի գրական գործունէութիւնը եւ ասմունքեց: «Կտակ» հանրածանօթ բանաստեղծութիւնը ասմունքեց Շուշան Պօղոսեան, իսկ Գեղանուշ Մարտոյեան, իր գեղանուշ ձայնով մեներգեց «Գետակի Վրայ» ծանօթ երգը: Տեղի ունեցաւ խմբային երգեցողութիւն «Գիշերն Եկաւ» եւ «Քնքուշ Լուսնի Շուշան Փոշին» երգերուն:
Բեմ հրաւիրուեցաւ Սրբազան Հայրը, որ իր փակման սրտի խօսքին մէջ, ողջունելէ ետք այս աննախընթաց ձեռնարկը, յուշեց որ մենք բոլորս պարտականութիւնն ունինք արժեւորելու մեր ազգային – մշակութային հարստութիւնը եւ զայն փոխանցելու սերունդներուն: Անդրադառնալով Իսահակեանի տաղանդին, Սրբազանը ըսաւ որ ան մեր իղձերու երգիչներէն է եւ իր գրիչն ու խօսքը ժամանակ չեն ճանչնար: Սրբազանը Իսահակեանի նկարագրին մէջ շաղախուած տեսաւ Սէրը մարդկութեան, Հայրենասիրութիւնն ու Աստուածասիրութիւնը:
Անդրադառնալով այսօրուան միջոցառումին՝ «Մենք այսօր արժեւորեցինք մեր ժառանգած կտակը եւ վերադարձանք դէպի մեր ինքնութեան արմատները, որպէսզի չկտրուինք մեր արմատներէն եւ ըլլանք լոյսի փոխանցողը նոր սերունդին: Եթէ մեր կտակը չկարենանք արժեւորել, չենք կրնար կտակ փոխանցել մեր ժառանգորդներուն: Այս առաքելութեան լծուած է Համազգայինը»,- ըսաւ Սրբազան Հայրը:
Սրբազան հայրը գնահատեց Գրական-Գեղարուեստական Յանձնախումբի կատարած անհրաժեշտ գործը եւ մաղթեց իմաստութիւն եւ կորով շարունակելու համար իր առաքելութիւնը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց գեղարուեստական յայտագրի մասնակիցներուն, եւ մանաւանդ՝ ներկայ գրասէր հասարակութեան, թիւով մօտ 70, որոնք իրենց ներկայութեամբ ու քաջալերանքով աւիշ կը հանդիսանան նման ձեռնարկներ կազմակերպող անձանց թէ միութիւններուն:
Տէրունական աղօթքով եւ Պահպանիչով փակուեցաւ երեկոն:
