
Կաղանդի ուրախ մթնոլորտը, խրախճանքը եւ փոխանակուած նուէրներու հրճուանքը անցած էին, իսկ մենք՝ թորոնթոհայերս, անհամբեր Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղի Գրական յանձնախումբին խոստացած կաղանդչէքին կը սպասէինք եւ վստահ էինք, որ այդ նուէրը անմոռանալի պահեր պիտի շնորհէր մեզի՝ սպասողներուս։
Համազգայինի Գրասէրներու խմբակի հաւաքներու շարքին՝ «Կաղանդչէք»-ը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 29 Յունուար 2023-ին, Համազգայինի «Յ. Մանուկեան» գրադարանէն ներս, ուր մեծ թիւով գրասէրներ եկած էին անգամ մը եւս թարմացնելու սոյն Նոր տարուան անգին յուշերը։
Գրադարանին ձախ անկիւնը կարմրականաչաւուն, հայկական զարդանախշերով հիւսուած ծածկոցով սեղանին վրայ տեղադրուած միրգերը, չիր ու չամիչը, քաղցրեղէններն ու հայկական զարդերը ներկաները կամայ-ակամայ փոխադրեցին Հայաստան աշխարհ, ուր հայաբոյր Կաղանդի «Կաղանդչէք»-ը սկսաւ մարմնաւորուիլ գրասէրներուն աչքին առաջ։