«Թորոնթոհայ» ամսագիր.- «Ուրիշ աշխարհ է Արցախն աշխարհում, Աստուծոյ շունչ կայ ամէն նշխարում»․ Ռիթա Խաչոյեանը արցախահայ բանաստեղծ, գրող Վարդան Յակոբեանի վերոյիշեալ տողերով ողջունեց ներկաները Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղի Գրական յանձնախումբին կազմակերպած «Արցախը հայ գրականութեան մէջ» Գրասէրներու խմբակի հաւաքին։ Ինչպէս ծանօթ է շատերուն, Գրասէրներու խմբակի հաւաքները կը շարունակուին 2012-էն ի վեր՝ Թամար Տօնապետեանի առաջնորդութեամբ, զանազան գրական թեմաներով, նպատակ ունենալով՝ հայ երիտասարդ սերունդը մօտեցնել հայ գրականութեան, եւ սէր արթնցնել հայ լեզուին եւ գրականութեան հանդէպ։
Կիրակի, 15 Սեպտեմբեր 2024-ին տեղի ունեցած հաւաքը սկսաւ Արցախի օրհներգի մեկնաբանութեամբ` Արմինէ Թորիկեանի կողմէ։ «Ազատ ու անկախ Արցախ»-ը գրուած է Վարդան Յակոբեանի կողմէ եւ հաստատուած է որպէս քայլերգ 23 Դեկտեմբեր 1994-ին։ Արմինէն անդրադարձաւ նաեւ օրհներգի մէջ յիշատակուած Թարթառ գետին, Մռաւ եւ Քիրս լեռներուն։
Այնուհետեւ Հայկ Յարութիւնեան եւ Հրակ Գարամարտեան ներկայացուցին Վ․ Յակոբեանի «Արցախ» ձօներգը։ Տաղանդաւոր պատանի Մոսիկ Տանատեան հակիրճ տեղեկութիւն տուաւ Արցախէն բանաստեղծ, արձակագիր Վազգէն Օվեանի մասին եւ ասմունքեց անոր «Հայրենիք» քերթուածը։ Դարձեալ Օվեանէն՝ Ալիք Պապողլեան ներկայացուց «Արցախ» բանաստեղծութիւնը, որ գրուած է 1962-ին։
Հաւաքին տրամադրութիւնը բարձրացուցին Համազգայինի «Հայ աստղեր» երգչախումբէն Փաթիլ Սարգիսն ու Նարէ Հախնազարեանը «Հայաստան իմ չքնաղ» երգով, որուն երաժիշտն է Արցախէն սերած Արթուր Գրիգորեան, իսկ բառերը՝ Մարիա Մինասեանի։ Շնորհակալութիւն ձայնամարզ եւ խմբավար Հռիփսիմէ Թովմասեանին։
Արցախէն արձակագիր, բանաստեղծ Հերմինէ Աւագեան Համազգայինի Արցախի գրասենեակի տնօրէնն է։ Ան հեղինակ է բազմաթիւ բանաստեղծութիւններու եւ պատմուածքներու։ 44-օրեայ պատերազմին գրած «Իմ ու քո պատերազմը» անտիպ օրագիրէն «Զինուորների համար լաւաշ ենք թխում…»-ը մեկնաբանեց Կապրիէլլա Պաթիկեանը, ապա՝ Հայկ Յարութիւնեան ասմունքեց անոր «Ես երկար սպասեցի խաղաղութեանը» բանաստեղծութիւնը, զոր գրած է 11 Նոյեմբեր 2020-ին։
Հայկը ներկայացուց նաեւ 44-օրեայ պատերազմի նահատակ, բանաստեղծ Հայասէր Յովսէփեանէն երկու բանաստեղծութիւն, սկսելով «Այստեղ ամէն մի քար լուռ պատմաբան է...» կտորէն։
Ալիք Պապողլեան ներկայացուց Հերմինէ Աւագեանի «Ես գալիս եմ քեզ մօտ գլխաբաց» սրտառուչ տողերը՝ ուղղուած Շուշիին, որմէ ետք ներկաները ունկնդրեցին Գուրգէն Գաբրիէլեանի երաժշտութեամբ «Արցախի հորովել»-ը, որ յատուկ տեղ կը գրաւէ հայ ժողովրդական երաժշտութեան մէջ։
Հրակ Գարամարտեան ասմունքեց Վարդան Պետրոսեանի «Շուշի» բանաստեղծութիւնը՝ գրուած 15 Նոյեմբեր 2020-ին։ Թորոնթոհայ տաղանդաւոր պարմանուհի Լարա Տէր Մինասեան ներկայացուց Վեհանոյշ Թեքեանի «Արցախ»-ը, ապա Ալիք Պապողլեան՝ Կարօ Արմէնեանի «Ինչե՜ր կ’ըսեն... »-ը։
Սփիւռքահայ գրող Փանոս Ճերանեանէն՝ Շանթ Տէօքմէճեան ընթերցեց «Դադիվանքին» եւ Մարտունիի ծնունդ Նեմրութէն (Սերգեյ Սաֆարեան) «Մթնշաղի կարմիր թշերին...» բանաստեղծութիւնները։ Ան նաեւ անդրադարձաւ, որ վերջին երկու գրողներուն մասին գրութիւններ կարելի է կարդալ Համազգայինի «Բագին» պարբերաթերթին մէջ։
Ապա Ռիթան անդրադարձ մը կատարեց Միքայէլ Հաճեանի յօդուածներուն մասին: Գրողին երկու որդիները նահատակուած հերոսներ են, այնուհետեւ հակիրճ բաժին մը ընթերցեց Նորեկ Գասպարեանի «Աղէտ» յօդուածէն։ Կապրիէլլան ներկայացուց Վիտալի Պետրոսեանի «Կարօտաբաղձութիւն»-ը, որ գրուած է 22 Դեկտեմբեր 2020-ին։
Հետաքրքրական էր Շանթ Տէօքմէճեանի խօսքը Արմէն Աւոյի մասին, որուն ծանօթացած է 2024-ի Համազգայինի ֆորումին, Հայաստան։ Վերջինս Արցախի ծնունդ երիտասարդ գրող է եւ 44-օրեայ պատերազմի մասնակից, եղբայրը՝ նահատակ նոյն պատերազմին։ Շանթը ընթերցեց անոր գործերէն «Արցախ»-ը։
Երգիծանքը յատուկ տեղ կը գրաւէ Արցախի գրականութեան մէջ։ Ռիթան պատմեց զուարճախօս «Պըլը Պուղի»-էն «Չանադ է ծուռ», եւ «Եթէ այդպէս լինր» դրուագները, որմէ ետք ունկնդրեցինք գրող Հերմինէ Աւագեանի տեսագրականը՝ պատրաստուած յատուկ այս հաւաքին համար։ Ապա Ալիք Պապողլեանը աւարտեց հաւաքը Հերմինէ Աւագեանի «Ես լաց չեղայ քեզ համար, երկի՛ր» բանաստեղծութեամբ։
Յատագիրէն ետք Արմինէ Թորիկեան բեմ հրաւիրեց բոլոր մասնակիցները եւ բաժնեց վարչութեան կողմէ նուիրուած գիրքերը։ Հարկ է նշել, որ Գրասէրներու խմբակէն Նարեկ Գարամատեանը ոչ մէկ ճիգ խնայեց թեքնիք աշխատանքին համար։ Թամար Տօնապետեան իր սրտին խօսքը փոխանցեց, ըսելով, որ եռոտանիին վրայ զետեղուած քարտէսը անձամբ բերած էր Արցախի Տիգրանակերտէն։
Ներկաները հիւրասիրուեցան սուրճով եւ անուշեղէնով։
Ռիթա Խաչոյեան