
21 Ապրիլ 2017-ին, Ուիլուպիի Հայ Մշակութային Կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Գրիգոր Զօհրապի յիշատակին նnւիրուած երեկոյ մը, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան Գրական և Գեղարուեստական յանձնախումբին:
Այդ Երեկոյ, սրահէն ներս յանձնախումբի անդամները եռուզեռի մէջ էին՝ հիւրասեղանը պատրաստելու համադամ ուտելիքներով, ճաշակաւոր ձեւով սեղան-աթոռ դասաւորելու ու սրտաբաց դիմաւորելու Սիտնիի գրասէր հիւրերը և հրաւիրեալները: Բացառիկ եւ դիւթական մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ յանկարծ, երբ սրահ մտաւ միջին տարիքով զոյգ մը: Քիչ մը շփոթած և շուարած կինը հարցուց. «Այս երեկոյ Գրիգոր Զօհրապի յիշատակին նուիրուած է ըսին՝ ես ալ եկայ, իմ անունս Անի Պագլա է. ես Գրիգոր Զօհրապի չորրորդ զարմիկը կ'ըլլամ: Մօրս կողմէ ազգական ենք»: Ի՜նչ զարմանք... կարծես այդ վայրկեանէն Գրիգոր Զօհրապ մեր մէջ եկած էր երեկոն պատուելու:
Յանձնախումբի անդամներէն Նշան Պասմաճեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք, ներկաները հրաւիրեց հիւրասեղան:
Սիլվա Նազարեան կարդաց Գրիգոր Զօհրապի կենսագրականը: «Գրիգոր Զօհրապ ծնած է Պոլիս՝ Պեշիկթաշ 1861-ին և սպաննուած է 1915-ին, Եդեսիա»: Իր ընթերցումին մէջ ներկաներուն ծանօթացուց Գրիգոր Զօհրապն իբրև գրագէտ, քաղաքագէտ, փաստաբան, հրապարակախօս, տկարին և հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն պաշտպան: Յատկապէս մատնանշեց, որ Գրիգոր Զօհրապ մշակած է գրականութեան երեք սեռերը՝ պատմուածք, վիպակ և նորավէպ: Ան կոչուած է «Նորավէպի Իշխան»: Իր գրական ուղղութիւնը եղած է իրապաշտական:
Լիլիկ Կոտոյեան բացատրեց, թէ ի՞նչ է Նորավէպը: Գրիգոր Զօհրապ կարճ պատմութիւններու կամ պատմուածքներու սեռը մշակած է,- ըսաւ ան: Պատմելու բացառիկ ձիրքով և գրիչով օժտուած Գ.Զ. իր ներկայացուցած տիպարը կը դիտէ և կը թափանցէ անոր հոգեբանութեան մէջ և կը նկարագրէ անոր հոգեվիճակի զանազան խաւերը: Ընտրուած և տպաւորիչ շարք մը նորավէպերու ընթերցումներով՝ «Ռեհանը» (Մաքրուհի Քորթեան), «Կոտրելէ Ետք» (Մարինա Աւագեան) «Մարապետ» (Անի Տէր Արթինեան) «Զարուհի» (Նորա Պաստաճեան) (անգլերէն լեզուով թարգմանութիւնը) «Ճիտին Պարտքը», (Էօժենի Մկրտիչեան) «Փօքեր» և «Եկուր» բանաստեղծութիւն (Մատիանա Իվանեան ) և« Ճէյրան» (Զարուհի Մանուկեան): Այս պատմութիւններով ներկաները պահ մը վերապրեցան Գրիգոր Զօհրապի ժամանակաշրջանը և իր առօրեայ շրջապատը:
Աննա Չոքեքչեան հակիրճ ընթերցումով ներկայացուց Գրիգոր Զօհրապի «Երջանիկ Մահը» պատմուածքը, որ ինչպիսի մահն է, որ կարելի է համարել երջանիկ, ինչպիսի վախճանով նախընտրելի է որ մարդ կնքէ իր մահկանացուն: Գրելով այս պատմուածքը, ըսաւ Աննա Չոքեքչեան, թերեւս Գ. Զօհրապ ինքն ալ «Երջանիկ» կը համարէ այն մահը, որ հեշտ ու գեղեցիկ է, զուրկ տառապանքէ: «Մինչդեռ ճակատագիրը այլ վախճան էր նախատեսած հեղինակին համար: Զօհրապի ողբերգական մահը այն իմաստալից նահատակութիւնն է, զոր կը հաստատէ Եղիշէ իր պատգամ խօսքով «Մահ ոչ իմացեալ մահ է, մահ իմացեալ՝ անմահութիւն է:»
Համազգայինի Շրջանային վարչութեան Ատենապետ Վիգէն Գալլօղլեան խօսեցաւ Գրիգոր Զօհրապի քաղաքական գործունէութեան մասին: «Զօհրապը յարգուած և երեւելի անձնաւորութիւն էր երկրի թէ' ազգային, թէ' համընդհանուր հասարակական-քաղաքական, մշակութային կեանքի մէջ: 1908-ին Զօհրապ ընտրուեցաւ թրքական խորհրդարանի պատգամաւոր: Զօհրապ նաեւ Ազգային ժողովի երեսփոխան էր, որ 1914 թուականին թուրքիոյ մէջ ներկայացուց հայկական բարենորոգումներու «հարցը» և այս կապակցութեամբ դիմեց եւրոպական պետութիւններու միջամտութեան. նաև ամէն ջանք գործադրեց ազատելու անմեղ ազգակիցները:» Զօհրապ Թալաթին հետ շատ մտերիմ էր եւ օր մը ըսաւ իրեն. «Վստահ եղէք, որ հաշիւ պիտի պահանջուի ձեզմէ»: Թալաթ պէյ հեգնանքով կը հարցնէ՝ «ո՞վ պիտի պահանջէ այդ հաշիւը»: «Ե՜ս», կը պատասխանէ Զօհրապ, «խորհրդարանին մէջ իբրեւ հայ ձեզմէ հաշիւ պիտի պահանջեմ»: Այդ իսկ վայրկեանէն վճռուած էր իր մահը:
Մօսիկ Ինճէճիկեան տեսանիւթի վրայ ներկայացուց Գրիգոր Զօհրապի «Ձերբակալութիւնը առաջին հանգրուանէն մինչեւ դաժան մահը»: Բոլորս միասին Գ.Զ ի հետ կարաւանով և շոգեկառքով ճամբորդեցինք մինչև տժգոյն մահը: Իր գերեզմանը մնաց անյայտ, բայց ողջ Հայրենիքը եղաւ իր գերեզմանը: Մօսիկ Ինճէճիկեան բացատրեց, թէ Գրիգոր Զօհրապի մասին շատ տեղեկութիւններ գրած է «Նէսիմ Օվատեա Իզրաիլ» թուրք պատմաբանը՝ թրքերէն լեզուով իր գրքին մէջ: Տիկին Պագլա աւելցուց, որ ինք ունի այդ գրքի օրինակէն:
Աւստրալիոյ մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ներկայացուցիչ Քայլար Միքայելեան ընթերցեց Օշին Չիլինգիրի՝ Հրանդ Տինքի մտերիմ ընկերոջ 2007 թուականին գրած յօդուածը, ուր հեղինակը կը համեմատէ Հրանդ Տինքի սպանութիւնը Գրիգոր Զօհրապի սպանութեան հետ: Անոնց դաժան Ճակատագիրներուն մէջ երեք ցայտուն նմանօրինակ տարրեր դիտել կու տայ: Առաջին՝ երկուքն ալ Թուրքիոյ նոյն քաղաքականութեան զոհ գացին, երկուքն ալ սպաննուեցան վայրագ թուրքին ձեռքով: Երկրորդ՝ հայ ժողովուրդի իրաւունքները պաշտպանելու համար բողոքեցին և իրենց անողոք մահը կնքեցին: Երրորդ՝ Օշին Չիլինգիր կը համեմատէ Զօհրապի համամարդկային գաղափարներու մասին վկայող ամենակարեւոր քայլը, Տրէյֆուսի դատավարութեան ժամանակ որդեգրած դիրքորոշումը և դատավարութեան շրջանին «ռասիզմի» դէմ պայքարը, Օրհան Փամուքի դատավարութեան ժամանակ Հրանդ Տինքի կեցուածքին:
Քայլար Միքայելեան աւելցուց ըսելով ՝ անոնց ժառանգը պէտք է ըլլայ մեր պահանջատիրութիւնը և մեր արդար իրաւունքը: Մենք Գրիգոր Զօհրապ և Հրանդ Տինքեր պէտք է ըլլանք և շարունակենք անոնց սկսած գործը, ըլլանք չորրորդ տարրը՝ «պայքա'ր յարատեւ պայքար», որպէսզի Ղարաբաղի պատերազմը յաղթանակով և արդարութեամբ պսակուի:
Յանձնախումբին Ատենապետուհին Սիլվիա Իսկէնտէրեան եզրափակեց երեկոն,Գրիգոր Զօհրապի ժառանգներուն մասին խօսելով: Զօհրապի դուստրը Տօլորէս Զօհրապ իր ամուսնոյն Հէնրի Լիպմանի մահէն ետք մեծ նուիրատուութիւն ըրած է «Հայկական Համալսարանական Ուսումնասիրութիւններու» ծրագիրին: «Գոլոմպիա» համալսարանին մէջ հիմնած է «Տօլորէս Զօհրապ Լիպրման Ֆոնտը»: Իր մահէն վերջ՝ 1990-ին կտակեց և հիմնեց «Գրիգոր և Գլարա Զօհրապ Ուսումնական Կեդրոն»ը, ուր կան 42,000 գիրքեր, որոնց մեծամասնութիւնը կայքէջի վրայ անցած է:
Նշան Պասմաճեան շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն և շնորհաւորեց մասնակցողներուն բծախնդիր աշխատանքը, մաղթելով ուժ եւ կորով՝ յառաջիկայ ձեռնարկներուն: Ներկաներէն ոմանք արժանի գովասանքի խօսքերով շնորհաւորեցին կազմակերպող յանձնախումբի անդամները և մեկնեցան:
Էօժենի Մկրտիչեան