Համազգայինի Մուշեղ Իշխան Մասնաճիւղի նախաձեռնութեամբ, Շաբաթ, 5 Մայիս 2012-ին, երեկոյեան ժամը 6-ին Շարժայի Բիէր Քէօսէեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Մարի Ռոզ Ապուսէֆեանի մենաներկայացումը:
Վարչութեան ատենապետը Սեդա Մանկասարեան Պալիօզեան հակիրճ ձեւով ներկայացուց օրուան հիւրը՝ Հանրաճանաչ դերասանուհի, բեմադրիչ-հեղինակաւոր հրապարակագիր, բանաստեղծ, գրականագէտ եւ իր տեսակին մէջ եզակի մենաթատրոնի հիմնադիր Մարի Ռոզ Ապուսէֆեանը: Ան ներկայացուց Գրիգոր Զօհրապ` Գողգոթայի Ճանապարհին ստեղծագործութիւնը, որ նուիրած է Մեծ Եղեռնի յիշատակին եւ նկարագրեց եղեռնի ժամանակ հայ մտաւորականներու յանկարծակի ձերբակալութիւնը, արտաքսումը եւ անոնց սպանութիւնը թուրք կառավարութեան ծրագրումով ու գործադրութեամբ՝ անոր ստեղծած հրոսակախումբերուն:
Այս իւրայատուկ ներկայացումին ներկայ էին Ա.Մ.Է.-ի հայ համայնքի տարբեր տարիքի ներկայացուցիչներ: Իբրեւ հայկական մենաթատրոն, կարելի է ըսել թէ առաջին անգամն էր որ հայ համայնքը կը վայելէր այսպիսի ձեռնարկ:
Հանդիսատեսը յուզուած էր, դահլիճը՝ լուռ, եւ բեմին վրայ Մարի Ռոզի ներկայացուցած կերպարներն էին, որոնք բոլորս կը տանէին դէպի անցեալի արիւնալի օրերը: Դանիէլ Վարուժան, Ռուբէն Սեւակ, Սիամանթօ, Գրիգոր Զօհրապ եւ Կոմիտաս Վարդապետ ....այս անունները բոլորիս յայտնի են իրենց ստեղծագործութիւններուն միջոցաւ: Անոնց տարած գործունէութիւնն ու խաղացած դերը շատ կարեւոր նշանակութիւն ունեցած են ոչ միայն Արեւմտահայ գրականութեան մէջ, այլեւ 20-րդ դարասկիզբի հայոց պատմութեան անդառնալի էջերուն մէջ:
Այս նախաձեռնութիւնը առանձնայատուկ նշանակութիւն ունեցաւ Համազգայինի մշակութային աշխատանքներուն շարքին մէջ եւ իր կարեւոր դերակատարութիւնը՝ հայ մտաւորականներու անէացման եւ Եղեռնի զոհերու անմահ յիշատակը վառ պահելու գործընթացին մէջ:
Ձեռնարկի աւարտին վարչութեան ատենապետը շնորհակալութիւն յայտնեց օրուան հիւրին՝ Մարի Ռոզին ու վարչութեան անունով յուշանուէր մը յանձնեց: