Աւստրալիա
Շրջանային Վարչութիւններ

Գօլստըն Ճեմարանի Խնամակալութիւնն ու Տնօրէնութիւնը մեծ ուրախութեամբ կու գան յայտարարելու, որ 2023 տարեշրջանին, Ճեմարանը արձանագրեց աշակերտութեան թիւի նկատելի աճ, ունենալով 350 աշակերտ:
Համազգային Արշակ եւ Սօֆի Գօլստըն Ճեմարանը իր հիմնադրութենէն ի վեր կը շարունակէ իր հայապահպանման առաքելութիւնը՝ հայը հայ պահելով, հայոց լեզուն հնչեցնելով եւ հայ աշակերտին փոխանցելով մեր պատմութիւնը, մշակոյթը, աւանդութիւններն ու արժէքները։
Այս բոլորին կողքին, աւստրալական կրթական ծրագրէն ներս վերջին տարիներուն Ճեմարանի արձանագրած NAPLAN-ի եւ HSC-ի բարձր արդիւնքները նկատելի են:
Ճեմարանի տնօրէն էտի Տէմիրճեան կը նկարագրէ Ճեմարանի աշխատանքները ըսելով. «Ճեմարանէն ներս որդեգրեցինք կրթական տարբեր ծրագիրներ եւ մեթոտներ, որոնք նպաստեցին բարելաւելու եւ զարցագնելու աշակերութեան մօտ սորվելու եւ արդիւնաւէտ աշխատանքներ ներկայացնելու կարողականութիւնը: Աշակերտները սոյն ծրագիրներուն հետեւելով արձանագրեցին նկատելի յաջողութիւն»: Ան աւելցուց.- «Այս յաջողութիւններուն որպէս արդիւնք նկատելի է Ճեմարանի աշակերտութեան թիւի աճը եւ ուրախ եմ յայտարարելու, որ Ճեմարանը 2023 տարեշրջանին արդէն իսկ ունեցաւ մանկապարտէզի երկու բաժանմունք: Աշակերտութեան թիւին աճը կը շեշտէ այն իրականութիւնը, որ Ճեմարանը կրցած է վերստին շահիլ ծնողներուն վստահութիւնն ու համակրանքը»: Եւ խօսքը աւարտելով, ան ըսաւ.- «Գօլստըն Ճեմարանը պիտի շարունակէ իրագործել իր առաքելութիւնը դառնալով այն հարազատ տունն ու առողջ միջավայրը, ուր աւստրալահայ պատանին կը սնանի հայեցի դաստիարակութեամբ, հայապահպանութեամբ եւ հետեւելով աւստրալական ուսումնական ծրագրին, կը պատրաստէ աւստրալացի հայ երիտասարդներ»։
Համազգայինի 95-ամեակի տօնակատարութեանց սեմին Գօլստըն Ճեմարանը, որպէս Համազգայինի Ճեմարան, պիտի շարունակէ գործել Համազգայինի տեսլականով որպէս Հայկական ամէնօրեայ վարժարան, ու իր հայաշունչ յարկին տակ սերունդներ պիտի դաստիարակուին եւ ուղղուին դէպի կեանքի նոր ճանապարհ: