
Կիրակի, 8 Յունիս 2025-ին, յետմիջօրէի ժամը 1:00-ին Գէմպրիճի հայ կեդրոնէն ներս, տեղի ունեցաւ ԳՐԱԿԱՆ ԵԼՈՅԹ, նուիրուած հայ գրականութեան հսկաներէն ԴԱՆԻԷԼ ՎԱՐՈՒԺԱՆի, 1884-1915:
Համազգայինի «Տաթեւ» մասնաճիւղի հրաւէրով, յաջորդաբար երրորդ տարին ըլլալով հիւրընկալուեցաւ, Համազգայինի Թորոնթոյի «Գլաձոր» մասնաճիւղի, ԳՐԱՍԷՐՆԵՐՈՒ ԽՄԲԱԿԸ: Սոյն խմբակը միահամուռ կերպով կը գործէ, իսկ հաւաքներուն շարքը 2012 թուականէն սկսեալ մինչեւ օրս իր պտուղները կու տայ, շնորհիւ «Գլաձոր» մասնաճիւղի Գրական յանձնախումբին եւ վաստակաշատ, ծառայասէր, ընկհ. Թամար Տօնապետեանի ջանքերուն:
Օրուան հանդիսավար Ռիթա Արիգեան մասնաճիւղիս անունով բարի գալուստ մաղթեց մշակութասէր հանրութեան եւ ձեռնարկի մասնակից հրաւիրեալներուն, յաջողութիւն մաղթելով: Այս ներկայացումին ելոյթ ունեցան Կապրիէլլա Պաթիկեան, Հայկ Յարութիւնեան, Նարեկ Գարամարտեան, Մոսիկ Տանատեան, Շանթ Տէօքմէճեան, Ալիք Պապօղլեան եւ իր անդրանիկ ելոյթով մասնաճիւղէս Ռազմիկ Կարպուշեանը: Դաշնամուրի վրայ ելոյթ ունեցաւ խմբակին ընկերակցող Մինելլի Շահնազարեանը: Իրերայաջորդ ներկայացումներուն ընդմէջէն կեանքի կոչուեցան անզուգական բանաստեղծ ԴԱՆԻԷԼ ՎԱՐՈՒԺԱՆԻ «Սարսուռներ», «Ցեղին սիրտը», «Հեթանոս երգեր», «Հացին երգը» հատորներէն 14 քերթուածներ, նաեւ նամակներ եւ յատկանշական դրուագներ:
Ներկաները մեծ հաճոյքով վայելեցին օրուան ներկայացումը եւ բարձր գնահատեցին երիտասարդ երիտասարդուհիներու աշխատանքը: Ձեռնարկին մասնակիցները գնահատուեցան գիրքերով: Ետքը խօսք առաւ Գանատայի մէջ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչ, խմբակի հաւաքներ ծրագրի առաջնորդ Թամար Տօնապետեան, ան շեշտեց մշակութային ու կրթական միջավայր ստեղծելու կարեւորութիւնը ապրեցնելու հայ գրականութիւնը, կարեւորելով միութիւն եւ ծնողք փոխհասկացողութիւնն ու համագործակցութիւնը ի շահ նորահաս սերունդին եւ մշակոյթին: Աւելցնելով որ հայ լեզուն եւ գիրը կենդանի պահելը բոլորէս կախեալ է:
Աւարտին շրջանիս Ս. Նշան եկեղեցւոյ հովիւ Տէր Նշան Մանուկեան բարձր գնահատեց Գրասէրներու խմբակի եզակի աշխատանքն ու ներկայացումը, մարմնաւորելով մեր գրական գանձերը: Ձեռնարկը փակուեցաւ Տէր հօր պահպանիչով:
Ռիթա Արիգեան