
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան, Երեքշաբթի, 7 Մարտ 2017-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին Համազգայինի «Սիմոն Վրացեան» մասնաճիւղի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Յետպատերազմեան լիբանանեան թատրոնը» նիւթով դասախօսութիւն մը: Օրուան բանախօսն էր Լիբանանեան եւ Սեն Ժոզեֆ համալսարաններու դասախօս, «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեան:
«Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան անունով Մարտիկ Տեմիրճեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկայացուց բանախօսը:
Յակոբ Տէր Ղուկասեան ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց լիբանանեան թատրոնը 1990-ական թուականներու սկիզբէն մինչեւ ներկայ օրերը: Ան նկատել տուաւ, որ 1990-ական թուականներուն, երբ պատերազմը վերջացաւ, ամէն ջանք ի գործ դրուեցաւ, եւ հսկայական գումարներ սկսան ծախսուիլ արուեստին մէջ` փաստելու համար, որ Լիբանանը տակաւին մշակութային մարզին մէջ կը գոյատեւէ: Ասոր մէջ մեծ դերակատարութիւն ունէին մշակութային կեդրոնները, որոնցմէ կարեւորագոյնը Ֆրանսական մշակութային կեդրոնը` «Սէ.Սէ.Էֆ»-ն էր, որ կը գտնուէր Սոտեքօ եւ ունէր իր սրահը, ուր դերասաններ կը պատրաստուէին եւ թատրոններու փորձեր կը կատարուէին: