Երկուշաբթի, 28 Մայիս 2012-ի երեկոյեան, տեղի ունեցաւ Հայաստանի Անկախութեան տարեդարձին նուիրուած երաժշտական հրապարակային երեկոն «Գ. Եսայեան» սրահէն ներս։
Ձեռնարկը կը վայելէր հովանաւորութիւնը Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Ս. եպս. Սարգիսեանի, ներկայութիւնը՝ ՀՀ Հալէպի գլխաւոր հիւպատոս՝ Կարէն Գրիգորեանի, արժանապատիւ քահանայ հայրերու, մշակութային, մարզական, հայրենակցական միութիւններու ներկայացուցիչներու եւ խուռներամ բազմութեան։
Զոյգ օրհներգներու ունկնդրութենէն ետք հրաւիրուեցան հանդիսատեսները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու յիշատակը երկու հայրենիքներու նահատակներուն, որմէ ետք Հրաչ Սերայտարեան հայերէն եւ արաբերէն բացման խօսքերով անդրադարձաւ կայացող ձեռնարկի ընդմէջէն փոխանցուած խորհուրդին. Արդարեւ Համազգայինի կողմէ կազմակերպուած երեկոն որպէս օրհնանք կը ձօնուէր Հայաստանի եւ Սուրիոյ բարեկամութեան, երախտագիտական զգացումներ փոխանցելով երկրին արաբ ժողովուրդին եւ անոր ասպնջական հայրենիքին։
Առաջին հերթին իբրեւ մենակատար հանդէս եկաւ Գէորգ Մութաֆեան (bass bariton) ներկայացնելով կտոր մը Մոցարթէն, ապա կտոր մը Է. Քըրթիսէն եւ «Գուսանի երգ»ը Ա. Տիգրանեանէն։
Միքայէլ Գունտիրեւը (cello) իբրեւ մենակատար ներկայացուց Elegia-ն Կ. Ֆօրէէն, ապա՝ Exprompt-ը Ա. Յարութիւնեանէն։
Շահէ Քէշիշեան (tenor) իբրեւ մենակատար ներկայացուց մեներգով "E Lucevan Le Stelle" Բուչինիէն, ապա՝ «Ջիւան եար ջան» Ա. Տիգրանեանի «Անոյշ» օփերայէն։
Լիւտմիլա Հախինեան-Արապաթլեան (soprano) ներկայացուց մեներգով Ռ. Մելիքեանի «Վարդը», ապա՝ Ա. Տիգրանեանի «Անոյշ» օփերայէն »Ասում են ուռին»։
Գայեանէ Շեւչենկօն (violon) հանդէս եկաւ Է. Պաղտասարեանի Nocturne-ով, ապա՝ Սպենդիարեանի «Ղայթարմայ»ով։
Գայեանէ Քոչարեան (piano) ձեռնհասօրէն ներկայացուց Capriccio-ն Ա. Պապաջանեանէն։
Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան հրաւէրով Հալէպի «Բ. Կանաչեան» երժշտ. Դպրոցէ ներս հրաւիրուած արուեստագէտ, դաշնամուրի դասատու Գայեանէ Քոչարեանը, շնորհալի կատարողութեամբ ընկերակցեցաւ յայտագրի մէջ նշուած երաժշտական բոլոր կտորներուն։
Յայտագիրը հասած էր իր աւարտին։ Ներկաները ոտքի եւ խելահեղ ծափողջոյններով գնահատանքի իրենց հաւատամքը յայտնեցին, որմէ ետք բեմ հրաւիրուելով Տ. Տաթեւ քհնյ. Միքայէլեան ջերմօրէն դրուատեց գեղարուեստական երեկոն, ողջունելով արտակարգ օրուան մը նոյնքան արտակարգ յայտագրով ձեռնարկը, ապա Պահպանիչով փակեց ձեռնարկը։
Գեղարուեստական երեկոն հասած էր իր աւարտին, ներկաները յուզումնախառն արայայտութիւններով իրենց խանդավառութեան մասնակից կը ջանային դարձնել շրջապատը։ Կատարուածը եզակի երեւոյթ մըն էր, որուն մէջ նշանակալից դեր ունեցած էր նաեւ Օրդ. Գայեանէ Քոչարեանը։
Էմմա