ԱՄՆ եւ Գանատա
Շրջանային Վարչութիւններ

Արցախի հայթափման առաջին տարելիցին առթիւ, Դաւիթ Ղահրամանեանի լուսանկարները ցուցադրուեցան «Ռասըլ» ցուցասրահին մէջ։ Սեպտեմբեր 19-էն 27 թուականներուն ցուցադրուեցան այս լուսանկարները, որոնք առնուած էին 44-օրեայ պատերազմին եւ ապա պաշարման եւ տեղահանման օրերուն։
19 Սեպտեմբեր 2024-ին, բացման հանդիսութեան, «Համազգային»-ի Արցախի գործավար Հերմինէ Աւագեան ներկայացուց «Արցախ․- Անաւարտ Պատերազմ» ալպոմը, աւելի մանրամասնօրէն տեղեկութիւններ փոխանցելով Արցախի պաշարման եւ անոր յաջորդող հայաթափման մասին։ «Պատահածը պատերազմ չէր, այլ Ցեղասպանութիւն։ Յոյսով եմ, որ կարելի պիտի ըլլայ արդարութեան ձայնը հասցնել իր նպատակին», ըսաւ ան։
Մանրամասնութիւնները կարդալ այստեղ: