![](https://hamazkayin.com/wp-content/uploads/2024/07/WhatsApp-Image-2024-06-24-at-10.08-1024x682.jpg)
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին, Երկուշաբթի, 24 Յունիս 2024-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ յուշ-երեկոյ` նուիրուած թատերական ասպարէզին մէջ շուրջ 40 տարուան վաստակ ունեցող դերասան ու բեմադրիչ Զոհրապ Եագուպեանին:
Բացման խօսքը արտասանեց Նանօր Սարգիսեան-Տէր Սարգիսեան, որ ըսաւ, թէ Զոհրապ Եագուպեան երիտասարդ տարիքին` 70-ականներու սկիզբը, յանդգնութիւնը ունեցաւ իր ընկերներուն հետ հրապարակ գալ` նոր ուղիներ կերտելու կամքով ու տեսլականով եւ նոր շունչով ու ըմբռնողութեամբ` ինքնուրոյն նախաձեռնութիւններով ներդրում ունեցաւ թատերական նոր միջավայրի մը ստեղծման:
Ան լուսարձակի տակ առաւ այն իրականութիւնը, որ Եագուպեան շատ քիչ առիթ ունեցաւ գործակցելու թատերական եւ մշակութային միութիւններու հետ, առանց միութեան մը հովանաւորութիւնը վայելելու կամ միութենական պատկանելիութիւն մը ունենալու` իր երկարամեայ գործունէութիւնը տարաւ համարեա՛ առանձին եւ յաջողեցաւ պահել իր իւրայատուկ ոճը եւ անզուգական դրոշմ ձգել թատերական ասպարէզին մէջ:
Մանրամասնութիւնները կարդալ այստեղ: