Յաջորդաբար չորրորդ տարին ըլլալով Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութիւնը վայելող ամառնային ծրագիրը, որ այս տարի կը կրէր «Դէպի արուեստ ամառնային ծրագիր 4» անունը, ընթացք առաւ 1 Յուլիս 2024-ին եւ շարունակուեցաւ մինչեւ 5 Օգոստոս: Սակայն այս տարի ծրագիրը փոփոխութեան ենթարկուեցաւ: Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցները հերթաբար այցելեցին հայկական ինը վարժարաններու ամառնային դպրոցները եւ հաստատութինները, աւելի մեծ թիւով պատանիներու հասանելի դառնալու նպատակով եւ 560 աշակերտներուն ներկայացնելով հայ մշակոյթն ու արուեստը, անոնց մէջ արթնցուցին արուեստի սէրը քաջալերելով որ ձմրան եղանակին անոնք եւս միանան Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներուն: Այս ծրագրի գլխաւոր նպատակն էր հայ մանուկը մօտեցնել արուեստին եւ իր կարողութիւնները բացայայտել ու զարգացնել զանազան գործունէութիւններու ընդմէջէն:
Այս ծրագրին մասնակցութիւն բերին Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներէն «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցը, «Գայիանէ» պարի եւ պալէի դպրոցը, «Կարկաչ» մանկապատանեկան երգչախումբը եւ Տհոլահարներու համոյթը:
Իրենք այցելեցին հետեւեալ վարժարանները եւ հաստատութինները:
- Քաղաքի Հայ Աւետարանական Դպրոց
- Էշրէֆիէի Հայ Աւետարանական կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան
- Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարան
- Մ եւ Հ Արսլանեան Ճեմարան
- Հայ Աւետարանական Շամլեան Թաթիկեան Վարժարան
- Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Վարժարան
- Հայ Աւետարանական Ընկերային Ծառայութեան Կեդրոն-Թրատ
- Ճինիշեան Հաստատութեան Ամառնային Ճամբար 2
- ԼՕԽ-ի Պարտէզ Գրադարան
Շնորհակալութիւն հիւրընկալողներուն, մասնակցող խումբերուն եւ անոնց ծնողներուն: