Օգտուելով Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Ընկ. Վահէ Ժամագործեանի ներկայութենէն, Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւնը, յանձնարարութեամբ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան, Հինգշաբթի 7 Փետրուար, 2008ի երեկոյեան ժամը 7:30ին կազմակերպեց ձեռնարկ մը, ի նպաստ Համազգայինի Հալէպի Հայագիտական Հիմնարկին, Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ «Կարապետեան» ներքնասրահին մէջ:
Ձեռնարկին, Համազգայինի Կեդր. Վարչութեան անդամներու կողքին ներկայ էին նաեւ Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Վիգէն քհն. Վասիլեանը, հոգաբարձական կազմը, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկացուցիչները, Հալէպի Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Լոս Անճելըսի Ընկերակցութեան վարչական կազմը, Ազգ. Ալէք Փիլիպոս վարժարանի հալէպցի ուսուցիչ ուսուցչուհիները, օրուան գեղարուեստական յայտագրին մասնակից աշակերտուհիները, Համազգայինի Շրջ. վարչութեան անդամները, Լոս Անճելըսաբնակ հալէպցիներու կոկիկ թիւ մը եւ Համազգայինի առաքելութեան հաւատացող շուրջ 100 ազգայիններ:
Պէտք է շեշտել, որ միայն մէկ շաբթուան ընթացքին ծրագրուած եւ իրականութիւն դարձած այս ձեռնարկին իրենց մեծ ներդրումը բերած էին շրջանի Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչներ՝ Ընկ. Եդուարդ Մսըրլեանն ու Ընկ. Վահէ Ժամագործեանը, Համազգայինի Արեւմատեան Ամերիկայի Շրջ. Վարչութեան ատենապետ Ընկ. Վիգէն Եագուպեանը, որոնց անսակարկ ճիգերուն շնորհիւ ձեռնարկը յաջողութեամբ պսակուեցաւ:
Սեղաններու օրհնութիւնը կատարեց Տէր Վիգէն քհն. Վասիլեան, որ բարի մաղթանքներուն կողքին խրախուսեց ներկաները զօրակցելու կրթական եւ մշակութային այս միութեան:
Դրամահաւաքը խրախճանքի եւ ընկերային մթնոլորտի կողքին, ունեցաւ նաեւ պաշտօնական բաժին մը, որուն հանդիսավարը ընկ. Գէորգ Պետիկեան, բարի գալուստի եւ շնորհակալութեան խօսքերէն ետք, սեղմ գիծերու մէջ ներկայացուց Համազգայինը ու այս երեկոյի շարժառիթը:
Ան մասնաւորելով Համազգայինի մշակութային առաքելութիւնը , ողջունեց հայագիտական ձգտումներ փայփայող Հալէպի Հիմնարկը իբրեւ յատուկ երեւոյթ սփիւռքի մեր իրականութեան մէջ. ապա անդրադառնալով Շրջանային վարչութեան գործունէութեան, Պետիկեան աւելցուց, թէ այս նոր եւ երիտասարդ ուժերով կազմուած վարչութիւնը կը ջանայ Շրջանի Համազգայինի գործունէութեանը տալ նոր որակ եւ թարմ շունչ:
Իր խօսքի աւարտին հանդիսավարը շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն , անոնց զոհաբերող հոգիին, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց, որոնք նիւթապէս ու բարոյապէս թեւ ու թիկունք կը կանգնին միութեան: Բարի յիշեցումով շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Ս.Կարապետ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան, որոնք այս երեկոյ ոչ միայն սիրայօժար կերպով այս սրահը տրամադրեցին, այլեւ նիւթապէս մասնակից դարձան յայտարարուած դրամահաւաքին:
Յանուն Շրջանային վարչութեան, ատենապետ՝ Դոկտ. Վիգէն Եագուպեան, փոխանցեց Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան շրջանիս ներկայացուցիչ Եդուարդ Մսըրլեանի ողջոյները եւ ապա ներկաները բաժնեկից դարձուց օրուան գլխաւոր նպատակին:
Ընկերը մատնանշեց, որ 2008 կը զուգադիպի Համազգայինի հիմնադրութեան 80ամեակին: Այս առթիւ անդրադարձաւ վարչութեան ծրագրած նախաձեռնութիւններուն, ապա հիմնաւորելով Համազգայինի Հալէպի Հայագիտական հիմնարկին էականութիւնն ու զայն բարգաւաճ եւ այժմէական պահելու անհրաժեշտութիւնը, վեր առաւ հիմնարկին յատկապէս անոր արեւմտահայերէնի անաղարտ պահպանութեան ի խնդիր բերած մեծ նպաստը. -«Հիմնարկը, կը ձգտի ոչ միայն պատրաստել ազգային վարժարաններու հայերէն լեզուի ուսուցիչներ, այլեւ ազգային գործիչներ եւ վաղուան ղեկավարներ: Այս երեկոյի ձեր ներկայութիւնն ու դրական զօրակցութիւնը մեծապէս երախտապարտ կը ձգէ Համազգայինի ամբողջ ընտանիքը»,- ընկերը ամբողջացուց իր խօսքը յատկապէս շնորհակալութիւն յայտնելով Ս.Կարապետ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին եւ հոգաբարձութեան իրենց օրինակելի ներկայութեան եւ քաջալերանքին համար:
Իր կարգին սրտի խօսքով եւ յատկապէս հալէպահայու մտերմութեամբ ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ՝ Ընկ. Վահէ Ժամագործեան, որ նախ Հաճելի պատկերացումներով համեմուած, լայնօրէն ներկայացուց Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան հովանին վայելող Հալէպի Հայագիտական Հիմնարկը, եւ անոր առաքելութիւնը:
Շարունակելով իր խօսքը Ընկ. Ժամագործեան յայտնեց. «Հայագիտական այս հիմնարկը առիթ կ°ընծայէ հայագիտական նիւթերու նկատմամբ հակում ունեցող ուսանողներուն, իրենց ուսումը շարունակելու հայրենիքէն ներս, որպէսզի դառնան գաղութի ուսումնական հաստատութիւններուն մտքի մշակներ ու նաեւ զանազան միութիւններու որակաւոր գործավարներ, քարտուղարներ»:
Վահէ Ժամագործեան աւելցուց, թէ Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկը կը գործէ Հալէպի Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանէն ներս եւ ներկայիս ան ունի 36 ուսանողներ՝ յանձնուած մասնագէտ դասախօսներու հոգատարութեան: Հիմնակի տեւողութիւնը 4 տարի է, որուն աւարտին ուսանողը կը ստանայ համապատասխան վկայագիր:
Շրջանաւարտները, համաձայն 2000-ին կնքուած համաձայնագրին, իրաւունք կ°ունենան իրենց կրթութիւնը շարունակելու Երեւանի Խաչատուր Աբովեանի անուան Պետական Համալսարանէն ներս:
Ընկ. Ժամագործեան շնորհալութիւն եւ երախտագիտութիւն յայտնեց դրամահաւաքի մասնակից եւ անոր յաջողութեան նապաստող բոլոր անհատներուն: Իր կարգին խօսք առնելով նախկին ճեմարանական Մանուկ Սերայտարեան անդրադարձաւ Համազգայինի առաքելութեան, բացայայտելով թէ Սփիւռքի մէջ Համազգայինը մեր մշակութային նախարարութիւնն է:
Հաւաքի ընթացքին գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը, որուն մաս կազմեցին Ա. Փիլիպոս ազգային վարժարանի աշակերտներն ու վարժարանի հալէպահայ ճեմարանական ուսուցչուհիները, ինչպէս նաեւ հանրածանօթ երգիչ՝ Գառնիկ Սարգիսեանը.
Շրջ. Վարչութեան ապենապետ Ընկ. Վիգէն Եագուպեան գեղարուեստական յայտագրին իր մասնակցութիւը բերաւ դաշնամուրային կատարումով, ինչպէս նաեւ զուգերգով:
12րդ կարգէն Մելինէ Համբարձումեան մեներգեց Սայաթ Նովայէն կտոր մը եւ «Ծիծեռնակ»ը: Վարժարանի աշակերտուհիները հրամցուցին «Կատակ պար»ը եւ Ժողովրդային պար մը: Մեղրի Պապիկեան դաշնամուրի վրայ նուագեց Առնօ Պապաճանեանի «Վաղարշապատի պար»ը, իսկ ուսուցչուհի Սոնա Մատարեան ասմունքեց Վահագն Դաւթեանի «Հաւատում եմ քեզ»ը, ուսուցչուհի Թամար Սերայտարեան՝ յաջորդաբար մեներգեց «Երազ իմ երկիր» եւ «Երեւան Երեբունի», դաշնակի ընկերակցութեամբ Լուսինէ Գալստեանի:
Մինչեւ ուշ գիշեր տեւած այս ձեռնարկը անվարանօրէն ծառայեց իր նպատակին, իսկ ներկաները Համազգայինին եւ մանաւանդ անոր Հայագիտական Հիմնարկին սատարած ըլլալու գոհունակութեամբ սրահէն բաժնուեցան բարձր եւ ուրախ տրամադրութիւններով:
Գէորգ Պետիկեան