Երեքշաբթի, 19 Փետրուար 2008ի երեկոյեան ժամը 8:30ին, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ հովանաւորութեամբ Լիբանանի մէջ Յունաստանի դեսպան Փանոս Քալակերիփուլոսին, «Մոնօ» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Եաքովոս Քոլանեանի կիթառի ելոյթը՝ ներկայութեամբ մեծաթիւ հայ թէ օտար երաժշտասէրներու:
Ելոյթին ներկայ էին Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ եպս. Խաչերեան, Լիբանանի մէջ Յունաստանի դեսպան Փանոս Քալակերիփուլոսը, հիւպատոսն ու յունական պատուիրակութիւն մը, Հնդկաստանի դեսպանը, Կիպրոսի դեսպանատան գործակատարը, Ֆրանսական դեսպանատան մշակութային կցորդը, Լիբանանի պետական երաժշտանոցի նախագահ Ուալիտ Ղըլմիէ, պաշտօնական հիւրեր, համազգայնականներ ու երաժշտասէրներ:
Ձեռնարկին բացման խօսքը Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անունով արտասանեց Սեպուհ Այնթապեան, որ նշեց, թէ Համազգայինի 80ամեակի ձեռնարկներու շարքին առաջինն է Քոլանեանի այս ելոյթը, որ սկիզբ պիտի հանդիսանայ յառաջիկայ բազմատեսակ ծրագիրներուն: Ան շեշտեց, թէ Քոլանեան հայկական ժողովրդային երաժշտութեան մշակումներով հայ մշակոյթին մէջ ունեցած է մեծ դերակատարութիւն:
Ապա բեմ բարձրացաւ յունահայ միջազգային արուեստագէտ, կիթառահար Եաքովոս Քոլանեան, որ ելոյթին առաջին բաժինով նուագեց Պախի եւ Թէոտորաքիսի ստեղծագործութիւնները, ապա Քոլանեանի միացաւ լիբանանահայ կիթառահար եւ Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլէճի ուսուցիչ Մկրտիչ Միքայէլեան. անոնք միասնաբար նուագեցին Սայաթ Նովայի «Յիս քու ղիմէթըն չիմ գիտի»ն ու Կոմիտասի «Ալ այլուկս» գործերը:
Յայտագիրի երկրորդ բաժինով Քոլանեան նուագեց Պարիոսի, Կոմիտասի եւ հայկական պարեղանակներու հաւաքածոներ:
Նշենք, որ Քոլանեանի առաջին խտասալիկը հրապարակ իջած է 1989ին. անիկա իր մշակումով հայկական երաժշտական ստեղծագործութիւններու հաւաքածոյ մըն է:
Քոլանեան հայկական իր իւրայայտուկ մշակումներով ու գեղեցիկ նուագով շուրջ մէկուկէս ժամ ներկաներուն փոխանցեց բարձրորակ երաժշտութիւն ըմբոշխնելու հմայքը:
Ձեռնարկի աւարտին Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Լատոյեան Եաքովոս Քոլանեանի եւ Յունաստանի դեսպան Փանոս Քալակերիփուլոսի յանձնեց յուշանուէրներ՝ առ ի գնահատանք արուեստին մատուցած իրենց ծառայութեան:
Այս առիթով խօսք առաւ Լիբանանի մէջ Յունաստանի դեսպան Փանոս Քալակերիփուլոս, որ նշեց, թէ արուեստը հաւաքականութիւններու միացման ծառայող միջոցառում մըն է՝ նշելով, որ այս ելոյթը առիթ հանդիսացաւ հայերու ու յոյներու միջեւ կապերու ամրապնդման:
Յունաստանի դեսպանը շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, որ առիթ ընծայեց դեսպանատան՝ հովանաւորելու նշեալ ձեռնարկը:
Հանդիսութեան աւարտին Եաքովոս Քոլանեան իր կարգին փոխանցեց շնորհակալական խօսք մը: