Չորեքշաբթի, 6 Մարտ 2024-ի առաւօտուն, Համազգայինի «Աւետիս Ահարոնեան» մասնաճիւղի վարչութիւնը կազմակերպեց Եղիշէ Չարենցի ծննդեան 127-րդ ամեակին նուիրուած գեղարուեստական յայտագիր մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Ազգային Միացեալ վարժարանի երկրորդական բաժինի աշակերտուհիները։ Ներկայ էին նաեւ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգեշնորհ Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան, Արժանապատիւ Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեան եւ Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ թաղականութեան անդամ Տիկին Ասիա Պետրոսեան։
Նախքան յայտագիրը սկսիլը մասնաճիւղի ատենապետ Շուշան Արթին բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն։ Ան ըսաւ, որ Եղիշէ Չարենց հայ գրականութեան եւ մշակոյթին մէջ հանրածանօթ գրագէտ, պատմաբան եւ բանաստեղծ է։ Իր լաւագոյն ստեղծագործութիւնները թարգմանուած են բազմաթիւ լեզուներու 1977 թուականին։ Ապա, ան հրաւիրեց Դալար Մարտիրոսեանը ներկայացնելու օրուան յայտագիրը։
Չարենցի կենսագրականը ընթերցեցին Ռիթա Յովհաննէսեանը եւ Բարտի Շիրիքճեանը, ապա խումբ մը աշակերտուհիներ՝ Կայէլ Սարգիսեան, Քարէն Թովմասեան, Աննա Ազիզ եւ Մարիամիկ Կարապետեան ասմունքեցին Արսէն Երկաթի բանաստեղծութիւնը՝ նուիրուած Չարենցին։
Աւարտին, Նաթալի Թահհանը մեներգեց «Ես Իմ Անոյշ Հայաստանի» երգը։ Ներկաները հաճոյքով ունկնդրեցին հրամցուած յայտագիրը։