
Եութլինքսի երկրորդ օրը խումբը ուղղուեցաւ Սան Մարքօ հրապարակ, որմէ ետք` Սուրբ Ղազար կղզի, ուր ջերմօրէն հիւրընկալուեցաւ Հայր Համազասպ Քէշիշեանի կողմէ, որ ճաշէն ետք մանրամասն բացատրութիւններ տուաւ կղզիին մասին, ինչպէս նաեւ՝ թանգարանի զանազան բաժանմունքներուն մասին։
Ապա պարտէզի Լորտ Պայրընի անկիւնը ընտրուեցաւ իբրեւ թատրոնի եւ ֆիլմի աշխատանոցի վայր։ Հայրենի հանրայայտ դերասան, բեմադրիչ եւ Համազգային Սօս Սարգսեան թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար Նարինէ Գրիգորեան իր մասնագիտական բացատրութիւններով հմայեց երիտասարդները։
Երեկոյեան ժամերգութեան ներկայ գտնուելէ եւ խոկումի պահեր վայելելէ եւ սեղանատան մէջ ընթրելէն ետք, խումբը հրաժեշտ տուաւ այս եզակի վանքին եւ վանականներուն, շնորհակալական ջերմ խօսքերով ջերմ ընդունելութեան համար։
Ընկերային մտերմիկ պահերով վերջ գտաւ հաւաքի 2-րդ օրը։