Եւրոպա

Համազգայինի Եութլինքսի երրորդ օրը Վենետիկի Հայ Մշակոյթի Ուսումնասիրութեան եւ Վաւերագրումի Կեդրոնին մէջ խումբը ծանօթացաւ հայկական երաժշտութեան ստեղծման, անոր հոլովոյթին եւ զարգացման։ Դասախօսն էր Երեւանի Կոմիտասի անուան երաժշտանոցի շրջանաւարտ եւ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի դասախօս Ծովինար Արծրունին։
Ճաշելու ընթացքին խումբին համար գեղեցիկ անակնկալ մըն էր երիտասարդ երաժիշտ Տիգրան Համասեանի հետ հանդիպումը։
Վերջապէս, մասնակիցները առիթ ունեցան Վենետիկի մէջ ազատ շրջագայութեան եւ գնումներ կատարելու։
Երեկոյեան տխուր էր բաժանումը, սակայն բոլորին աչքերը կը փայլէին յոյսի նշոյլով, դարձեալ իրարու հանդիպելու համոզումով։
Այսպիսով իր աւարտին հասաւ 2024-ի Համազգայինի Եւրոպայի Ուսանողական Հաւաքը։