
Համազգայինի ԱՄՆ Արեւելեան Շրջանի Շրջանային Վարչութեան կազմակերպած 2-րդ Երաժշտական Փառատօնը իր դռները բացաւ 25 Յունիս 2026-ին Ուաշինկթընի մէջ՝ համախմբելով աւելի քան 40 պատանի երաժշտասէրներ։ Եռօրեայ այս նախաձեռնութիւնը նպատակ ունի հայ երաժշտութեան շուրջ համախմբել նորահաս սերունդը, զարգացնել անոնց երաժշտական հմտութիւնները եւ ստեղծել հայեցի միջավայր մը, ուր լեզուն, մշակոյթն ու արուեստը կը միաւորուին։
Փառատօնին հրաւիրուած են հայ երաժշտական աշխարհի յայտնի դէմքերէն՝
-Մաեսթրօ Զաքար Քէշիշեան, խմբավար, շուիահար, տուտուկահար երաժշտագէտ եւ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ։
-Սէրուժ Գրաճեան՝ դաշնակահար, յօրինող եւ Կրէմմի մրցանակի թեկնածու։
-Տիանա Ադամեան՝ միջազգային մրցոյթներու դափնեկիր ջութակահարուհի։
-Գէորգ Քէշիշեան՝ սրնգահար, տուտուկահար եւ երաժշտագէտ։
-Սեւակ Աւանէսեան՝ թաւջութակահար, Կապանի Միջազգային Երաժշտական Փառատօնի հիմնադիր եւ Դանիոյ Թագաւորական Օփերայի մենակատար։
Եռօրեայ փառատօնի ընթացքին մասնակիցները իրենց նուագարաններուն համապատասխան աշխատանոցներու ընթացքին անմիջականօրէն աշխատեցան փորձառու արուեստագէտներու հետ։ Այս դասընթացքներուն եւ փորձերուն միջոցաւ անոնք նոր գիտելիքներ ու փորձառութիւն ամբարեցին, միաժամանակ կատարելագործելով իրենց կատարողական եւ բեմական կարողութիւնները։
Փառատօնը առանձնայատուկ էր նաեւ իր հայեցի մթնոլորտով։ Բոլոր աշխատանքները, հանդիպումներն ու քննարկումները ընթացան հայերէն լեզուով, ինչ որ մասնակիցներուն կու տայ ոչ միայն երաժշտական, այլեւ ազգային եւ մշակութային հարուստ փորձառութիւն մը։
Փառատօնի աւարտին, Շաբաթ օրը, իւրաքանչիւր մասնակից բեմ բարձրացաւ եւ հանդիսատեսին ներկայացուց իր պատրաստած երաժշտական կտորը։ Իսկ Ուրբաթ օր նախատեսուած եզրափակիչ համերգին ներկաները առիթ ունեցան վայելելու հրաւիրեալ արուեստագէտներու կատարումները։
Այս տարուան փառատօնը նաեւ առանձնայատուկ էր այն առումով, որ անոր կը մասնակցէին ոչ միայն հայ, այլեւ խումբ մը ոչ հայ պատանիներ, որոնք այս նախաձեռնութեան միջոցով առիթ ունեցան ծանօթանալու հայկական մշակոյթին, երաժշտութեան եւ աւանդութիւններուն։ Այս ներկայութիւնը փառատօնը վերածեց մշակութային երկխօսութեան գեղեցիկ հարթակի մը, ուր երաժշտութիւնը դարձաւ տարբեր մշակոյթներու միջեւ կամուրջ։
Երաժշտական աշխատանոցներուն զուգահեռ, մասնակիցները հայկական պարերու դասընթացքներու ալ մասնակցեցան։ Այսպիսով, անոնք ոչ միայն երաժշտական հմտութիւններ զարգացուցիեն, այլեւ աւելի մօտէն պիտի ծանօթացան հայկական մշակոյթի կարեւոր բաղադրիչներէն մէկուն՝ ժողովրդական պարին եւ անոր հարուստ աւանդոյթներուն։
Այսպիսով, հայ երաժշտութիւնը անգամ մը եւս հնչեց Ուաշինկթընի բեմէն՝ հանդիսատեսին փոխանցելով մեր մշակոյթի հարուստ ժառանգութիւնն ու հոգեւոր արժէքները։
Ծնողներու, մասնակիցներու եւ կազմակերպիչներու խանդավառութիւնը կը վկայէ, որ փառատօնը արդէն իսկ կը կատարէ իր առաքելութիւնը։ Ան դարձած է օրինակելի նախաձեռնութիւն մը, որ կը խրախուսէ պատանիներու երաժշտական զարգացումը, կը զօրացնէ անոնց կապը հայկական մշակոյթին հետ եւ կը նպաստէ համայնքային կեանքի աշխուժացման Միացեալ Նահանգներու մէջ։
Վարձքը կատար բոլոր արուեստագէտներուն, կազմակերպիչներուն, ծնողներուն եւ մեր տաղանդաւոր պատանի երաժիշտներուն, որոնց նուիրումն ու ոգեւորութիւնը այս փառատօնը կը վերածեն իսկական մշակութային տօնի։
Top of Form
