
3 Յուլիս 2023-ին Ֆրանսայի Իսի լէ Մուլինօ քաղաքի Համազգային-Թարգմանչաց վարժարանին մէջ համախմբուած էին դպրոցին ուսուցիչները, անձնակազմը, հին ու նոր խնամակալներ եւ հիւրեր՝ մեծարելու տիկին Մարալ Ճամուսեան-Գարաօղլանեանը եւ երախտագիտութեան խօսք փոխանցելու անոր: Արդարեւ, այս տարեշրջանը վերջինն է իր ուսուցչական ասպարէզին:
Մտերմիկ հաւաքոյթին ընթացքին, խնամակալութեան ատենապետ Թադէ Կարապետեանը, խօսքը ուղղելով Մարալ Ճամուսեան-Գարաօղլանեանին, յայտնեց. «Ձեր բացակայութեան դպրոցը պիտի շարունակէ՛ գործել՝ ժամանակի ընթացքին նոր ուսուցիչներ պիտի ուսուցանեն, նոր աշակերտներ նոր դասեր պիտի սորվին... եւ լաւ է որ այդպէս ըլլայ։ Սակայն Ձեր բացակայութեամբ մեր դպրոցը ճիշդ նոյն դպրոցը պիտի չըլլայ։ 24 տարի ուսուցչուհի, 3 տարի տնօրէնուհի, 4 տարի հայերէնի դասաւանդութեան պատասխանատու եղած էք, բաժնեկից եղած էք մեր դպրոցին եւ մեր աշակերտներուն ամենադժուար օրերուն, ուղեկիցը եղած էք մեր վարժարանին անոր առաջին օրերէն մինչեւ այսօրուան յաջողութիւնները։ Միշտ խօսիլ հայերէն, մեր լեզուն սիրցնել, ստեղծել հայերէն գունաւոր, լուսաւոր ու հաճելի միջավայր Ձեր մանուկ աշակերտներուն համար. ասոնք եղած են Ձեր առօրեայ մտահոգութիւնները ։»
Թադէ Կարապետեանը խոնարհեցաւ Մարալ Ճամուսեան-Գարաօղլանեանին տարած աշխատանքին առջեւ եւ Համազգային-Թարգմանչաց վարժարանի խնամակալութեան խորին երախտագիտութիւնը յայտնեց։
Խնամակալութեան հնագոյն անդամներէն Թագւոր Մակատիս իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց Մարալ Ճամուսեան-Գարաօղլանեանին անոր տարիներու ծառայութեան համար եւ խնամակալութեան պատրաստած նուէրները յանձնեց:
Իր կարգին Մարալ Ճամուսեան-Գարաօղլանեանը շնորհակալութիւն յայտնելով այս դրուատանքին համար ընդգծեց, որ իբրեւ մանկավարժ եւ հայերէնի ուսուցչուհի, ինքը գոհունակութիւն եւ բաւականութիւն ապրած է տեսնելով որ իր աշխատանքը արդիւնք տուած է աշակերտներուն առօրեային մէջ: «Ես շա՛տ բան ստացած եմ իմ աշակերտներէս, վստահաբար աւելին՝ քան ինչ որ տուած եմ»,- շեշտեց ան:
Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան գնահատանքի խօսքը փոխանցեց Յասմիկ Շահինեանը: Ան շեշտեց, որ Մարալ Ճամուսեան-Գարաօղլանեանը էութեամբ մանկավարժ է, եւ անոր փորձառութիւնը շա՛տ յարգի է. ուստի խնդրեց մանկավարժէն մնալ Համազգայինի մեծ ընտանիքին անդամը եւ աջակցութիւնը բերել միութեան մանկավարժական ծրագիրներուն:
Առ ի գնահատանք եւ երախտագիտութիւն հայ դպրութեան անոր երկար տարիներու ծառայութեան՝ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը յուշանուէր մը յանձնեց Մարալ Ճամուսեան-Գարաօղլանեանին: