
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին, Ուրբաթ, 15 Դեկտեմբեր 2017-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին տեղի ունեցաւ երգիծանկարիչ Տիրան Աճէմեանի ալպոմի շնորհահանդէսը:
Ցուցասրահի անձնակազմին անունով խօսք առաւ Սիւզի Տէրտէրեան: Ան նկատել տուաւ, որ յետեղեռնեան շրջանին, երբ հայութիւնը` տարագրուած իր հայրենի օճախէն, հասաւ Սուրիա եւ Լիբանան ու փորձեց վերակերտել իր կեանքը, վստահաբար ոչ ոք կը յուսար, որ ան շուտով ո՛չ միայն պիտի վերագտնէ ինքզինք, այլեւ պիտի վերակազմակերպէ իր կեանքը անհատական ու հաւաքական մակարդակի վրայ եւ կարճ ժամանակամիջոցի ընթացքին պիտի յաջողի իր ներկայութիւնը հաստատել տուեալ երկիրներուն քաղաքական, կրթական, մշակութային եւ այլ բնագաւառներուն մէջ: Ան յայտնեց, որ Ցեղասպանութենէն ու տարագրութենէն կարճ ժամանակ ետք հայ հոգեւոր, մտաւոր ու մշակութային ժառանգութիւնը ճառագայթելով ծնունդ տուաւ նոր հսկաներու, որոնք իրենց արժանաւոր տեղը գտան նոյնիսկ տեղական ու արաբական միջավայրին մէջ` աւելցնելով, որ այս հաստատումին վաւերական փաստը կը տեսնենք Տիրան Աճէմեանի կեանքին ու ստեղծագործական աշխարհին մէջ: