
Սփիւռքահայ անուանի գրագէտ, խմբագիր, գրաքննադատ, հասարակական գործիչ Պօղոս Սնապեանի տուն-թանգարանին նախաձեռնութեամբ եւ Համազգայինի Երեւանի գրասենեակին կազմակերպութեամբ Երեւանի պետական համալսարանի Հայ բանասիրութեան բաժանմունքի նիստերու դահլիճին մէջ 27 Յունիս 2023-ին տեղի ունեցաւ «Նամակներ Պօղոս Սնապեանին» գիրքին շնորհահանդէսը:
Ձեռնարկին բացման խօսքով հանդէս եկաւ Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեան: Ան ներկայացուց Պօղոս Սնապեանի` իբրեւ մեծ մտաւորականի, գրական-հասարակական գործունէութեան կարեւորութիւնն ու դերը հայ իրականութեան մէջ: «Պօղոս Սնապեան այն քիչ մտաւորականներէն էր, որ իր կեանքով փաստեց իր հաւատարմութիւնը գրական ու մշակութային այն բարձր արժէքներուն նկատմամբ, որոնք կը բանաձեւեն հոգեւոր հայրենիքի տեսլականը», նշեց Ռ. Առաքելեան:
Մանրամասնութիւնները կարդալ այստեղ: