ԱՄՆ եւ Գանատա
Շրջանային Վարչութիւններ

Համազգայինի Գրասէրներու Խմբակի հաւաքներու շարքին՝ «Երկիր Նայիրի» ժողովածուի ներկայացումը տեղի ունեցաւ Համազգային Յ. Մանուկեան գրադարանին մէջ, 23 Փետրուար 2025-ին։ Ներկայացումը բարձր գնահատանքի արժանացաւ։ Շնորհաւորանքի արժանացան մասնակցող երիտասարդները՝ Նարեկ Գարամարտեան, Էլենա Ֆարաճեան, Շանթ Տէօքմէճեան, Ալիք Պապօղլեան, Հայկ Յարութիւնեան, Ռիթա Խաչոյեան (Գրական յանձնախումբի վարչական կապ) եւ երիտասարդ տուտուկահար Սեյրան Ղազարեանը։
Հաւաքներու շարքը կ՚առաջնորդէ Թամար Տօնապետեան Գուզուեանը։ Աւելին՝ «Թորոնթոհայ»ի Մարտ 2025 թիւին մէջ։