Կիրակի, 27 Հոկտեմբեր 2024-ին, կէսօրէ ետք ժամը 13:00-ին, Ս. եւ Անմահ Պատարագէն ետք, եկեղեցւոյ կից գտնուող «Տէր-Զաքարեան» սրահին մէջ, Համազգայինի Թեսաղոնիկէի «Ղ. Սարեան» մասնաճիւղի եւ «Արմենիքա» պարբերաթերթի կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ երկու գիրքերու ներկայացում, որոնք կը բովանդակեն հայերու գաղթը եւ հաստատումը՝ Յունաստան։ Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Համազգայինի անդամ Տիգրան Սարգիսեան, որ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ ի մասնաւորի Աթէնքէն ժամանած խումբ մը հայրենակիցներուն, ապա ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց երկու հեղինակները։ Յաջորդաբար խօսք առին Համազգայինի անդամ Մելին Գարաօղլանեան ու յոյն պատմաբան Մարիա Սփիլիոթոփուլու, որոնք արժեւորում մը կատարեցին գիրքերուն մասին։