
Հինգշաբթի, 5 Նոյեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան մէջ տեղի ունեցաւ Երեւանի պետական համալսարանի հրատարակչութեան եւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան միջեւ գործընկերութեան յուշագիրի ստորագրութիւն` ներկայութեամբ Երեւանի պետական համալսարանի պատուիրակութեան:
Հրատարակչատան մուտքին ցուցադրուած էին Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ Երեւանի պետական համալսարանին վերջին հրատարակութիւնները:
Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն յայտնեց, որ սոյն հանդիպումին ներկաները համախմբողը միայն հայ գիրն ու գրականութիւնը չէ: 85 տարիներ վերջ այս 2 հաստատութիւնները համախմբողը Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կրթութեան եւ լուսաւորութեան նախարար Նիկոլ Աղբալեանն է, որ եղած է հիմնադիրը Երեւանի պետական համալսարանին, ինչպէս նաեւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան եւ անոր հրատարակչատան, որ յառաջիկայ տարի կը բոլորէ իր 85-ամեակը: Հաւաթեան նկատել տուաւ, որ առաջին յարգանքը եւ առաջին նուաճումը կը պարտինք Նիկոլ Աղբալեանի, իր նախաձեռնութեան, որոշումներուն եւ անդուլ աշխատանքին` հայութեան բոլոր հատուածներուն մէջ: