
Երեքշաբթի, 7 Ապրիլ 2026-ին շատ հաճելի օր մը անցուցինք միասին: Մեր փոքրիկներուն հետ միասնաբար սորվեցանք Զատկուան գեղեցիկ աւանդութիւններուն մասին, խաղացինք հաւկթախաղ, պատրաստեցինք համով չորեկներ եւ զանազան ձեռային աշխատանքներ:
Յատուկ խնդութեամբ պատրաստեցինք զատկուան գլխարկներ, իսկ ետքը մեզի այցելեց Զատկուան նապաստակը: Երեխաները մեծ խանդավառութեամբ փնտռեցին ու հաւաքեցին պահուած հաւկիթները, ապա հպարտութեամբ ցուցադրեցին իրենց պատրաստած գլխարկները:
Յատուկ շնորհակալութիւն բոլոր այն ծնողներուն, որոնք վստահեցան մեզի եւ իրենց զաւակները ղրկեցին: Իրապէս հաճելի էր անոնց արձակուրդը լեցնել հայկական ջերմ մթնոլորտով. մենք լաւագոյն ժամանակը անցուցինք իրենց հետ:
