Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան Երեքշաբթի, 26 Ապրիլ 2016-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, տեղի ունեցաւ Զարեհ Խրախունիի նուիրուած յուշ երեկոն, Համազգայինի «Կոմիտաս» մասնաճիւղի սրահին մէջ:
Հակիրճ ներկայացումէ մը ետք, խօսք առաւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարի տեղակալ եւ գրականագէտ Սերժ Սրապիոնեան: Ան իր խօսքին սկսաւ ըսելով, թէ բազմաթիւ գրողներ իրենց տեղը չեն գտներ գրականութեան աշխարհին մէջ, սակայն Խրախունիի պարագան տարբեր էր, որովհետեւ ան իրեն ժամանակակից գրողներուն միջեւ ծանրակշիռ դէմք մըն էր:
Տրուած ըլլալով, որ Խրախունի պոլսահայ գրող եւ գրաքննադատ է, եւ անոր գործերը տեւաբար ենթակայ եղած են թրքական գրաքննադատութեան, Սրապիոնեան հարց տուաւ, թէ ինչպէ՞ս Խրախունի կրնար իր ազգին վերաբերող հարցեր արծարծել, մինչ ուրիշներ անկարող էին նոյնպիսի քննադատական բացայայտումներ կատարելու: Ան բացատրեց, թէ Խրախունիի «քաղաքացիական ջիղը», լեզուական մասնագիտութիւնը եւ վերջապէս հանճարը թոյլ տուին, որ ինք իր գրականութեամբ ազատօրէն արտայայտուի: Այլ խօսքով, Խրախունիի արուեստը առիթ չտուաւ թրքական գրաքննադատութեան հալածանքին: Սրապիոնեան հաստատեց. «Խրախունին ընթերցողը կամ գրաքննադատը չի կրնար հակադրուիլ գրողին, որովհետեւ անոր գրութիւնները կրնան հասկցուիլ ինչպէս որ ընթերցողը կամ գրաքննադատը կ՛ուզէ»: Ան աւելցուց, որ Խրախունի այն գրողն է, որ իր միտքերը ընթերցողին չի պարտադրեր, եւ անոր մտածողութիւնը եւ երեւակայութիւնը չեն կաշկանդեր. «Եթէ Խրախունիի բանաստեղծութիւններէն մէկը թարգմանէք ֆրանսերէնի կամ գերմաներէնի, ֆրանսացի ընթերցողը կը կարծէ, թէ գրողը ֆրանսացի է, իսկ գերմանացի ընթերցողը` գերմանացի»: Սրապիոնեան այս օրինակը մանրամասնեց ըսելով, թէ Խրախունիի բանաստեղծութիւնները նախ իրենց ձեւին մէջ շատ ազատ են. տողը շատ յաճախ գլխագիրով չի սկսիր, կէտադրութիւն չկայ, տողերուն «կոտրուածք»-ը առիթ կ՛ընծայէ զանազան ընթերցումներու, հետեւաբար` զանազան մեկնաբանութիւններու: