
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան, գործակցութեամբ ՀՅԴ «Զաւարեանե ուսանողական միութեան, Հինգշաբթի, 25 Յունուար 2024-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Զաւարեան մատենաշար»-ի վեց հատորներու շնորհահանդէսը` ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, Հայ կաթողիկէ պատրիարքական փոխանորդ հայր Գաբրիէլ Մուրատեանի, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ` դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան Կեդրոնական մարմինի ատենապետ վեր. Րաֆֆի Մսըրլեանի, հոգեւոր հայրերու, պետական անձնաւորութիւններու, քաղաքական կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներու, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան անձնակազմին, մշակութային, բարեսիրական, մարզական, կրթական, ընկերային բարեսիրական միութիւններու եւ կառոյցներու ներկայացուցիչներու:
Բացման խօսքը հրատարակչատան կողմէ արտասանեց Իզապէլ Տիարպի, որ նկատել տուաւ, թէ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունը իր հիմնադրութեան օրէն յատուկ կարեւորութիւն ընծայած է յեղափոխական-գաղափարական գրականութեան նկատմամբ, եւ յեղափոխական դէմքերու, դէպքերու եւ պատմութեան հատորներով հարստացուցած` ազգային գրադարանը, եւ այս առաքելութեան ծիրին մէջ է «Զաւարեան մատենաշար»-ի հատորներու լոյս ընծայումը, որ ունի թելադրական խոր պատգամ: