Երեքշաբթի, 17 Նոյեմբեր 2015-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ լիբանանահայ վաստակաշատ արուեստագէտ Զաւէն Խտըշեանի «60 տարուան ստեղծագործութիւն» ալպոմին մակագրութիւնն ու քանդակներու ցուցահանդէսը` կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին, հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, ներկայութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Պարոյր վրդ. Շէրնէզեանի եւ նախագահութեամբ տէր եւ տիկին Յովիկ եւ Մարալ Քիւրքճեաններուն:
Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Կրէյս Պապոյեան-Լոճիքեան: Ան բարի գալուստ մաղթելէ ետք բոլորին ըսաւ, թէ հաւաքը կազմակերպուած է հաճոյքով վայելելու համար Զաւէն Խտըշեանի արուեստի գործերը եւ մանաւանդ անոր «60 տարուան ստեղծագործութիւն» պատկերագիրքի մակագրութիւնը: Ան յայտնեց, որ Զաւէն Խտըշեան կը նկատուի լիբանանեան եւ հայ արուեստի պատմութեան մէջ ամէնէն յաջողակ արուեստագէտը, որ նաեւ եղած է լիբանանցի առաջին մասնագէտ քանդակագործը եւ ներկայացուցած է բազմաթիւ ցուցահանդէսներ` Եւրոպայի եւ Միջին Արեւելքի մէջ:
Խօսք առաւ «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան: Ան ըսաւ, որ ցուցասրահը պատիւ ունի կազմակերպելու Զաւէն Խտըշեան արուեստագէտի գործերուն ամբողջական արգասիքը հանդիսացող գիրքի մակագրութիւնը: «Համամարդկային, ազգային արժէքները ամբողջացուցած Զաւէն Խտըշեանի 60 տարիներու վաստակին առջեւ, անոր մեծութեան, պարզութեան առջեւ կը խոնարհինք», ըսաւ Յակոբ Հաւաթեան, ապա հաստատեց, որ արուեսագէտը մեծարելով կը մեծարուի նաեւ ազգը, որովհետեւ անոր գոյերթը աւելիով կ՛երաշխաւորուի: