
13 Մարտ 2024-ի երեկոյեան, Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» ակումբի «Թագւոր եւ Ռոզա Աւետիքեան» սրահէն ներս կատարուեցաւ Համազգայինի Շրջանային վարչութեան կողմէն կազմակերպուած` վարժապետ տիկ. Վասիլիքի Փիթուլիի «Զմիւռնիան կ՚արտասուէ, Հայաստանը կը յիշէ» գիրքի ներկայացումը։ Ներկայ էին միութեանց ներկայացուցիչներ, հայ եւ յոյն գրասէրներ։
Այս շնորհանդէսն ալ սկսաւ գոյժի մը յայտարարութեամբ` ընկ. Ռեբեկա Պարազեանի կորուստին լուրով։ Սիրելի ու համեստ ընկերուհին տարիներով Համազգայինի «Յակոբ Փափազեան» Երգչախումբի անդամ, քանի մը օր առաջ ստացած էր «Ազատ Օր»ին յուշանուէրը, սակայն չհասաւ վայելել Համազգայինի նախատեսուած պարգեւատրումը։ Յիշատակը յարգուեցաւ մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ:
Համազգայինին կողմէ, համադրող ընկ. Ժագ Տամատեան իր հակիրճ բացման խօսքին մէջ նշեց, որ գիրքը բացառիկ կերպով կը միաւորէ 1915-ի ու 1922-ի եղեռնագործութիւնները. յօրինուածք մը` հիմնուած իրական դէպքերու վրայ։