
9 Փետրուար 2013-ին Համազգայինի Գլաձոր մասնաճիւղը եւ Երկու Դիմակ թատերախումբը, ներկայութեամբ աւելի քան 230 հանդիսատեսներու, ներկայացուցին երաժշտական երեկոյ մը՝ Էլեմընթ նուագախումբին կատարմամբ։ Երեկոն տեղի ունեցաւ Թորոնթոյի Հայ Համայնքի Կեդրոնի մեծ սրահին մէջ։ Էլեմընթ նուագախումբը, ղեկավարութեամբ տաղանդաւոր խմբավար Արա Տապանճեանի, Լոս Անճելոսէն եկած էր Թորոնթօ՝ ընդառաջելով յատուկ հրաւէրի։
Հիւսիսային Ամերիկայի տարածքին արդէն իսկ մեծ ժողովրդականութիւն վայելող Էլեմընթ նուագախումբը կազմուած է երիտասարդ երաժիշտներէ, որոնք իրենց իւրայատուկ ստեղծագործական դրոշմը թողած են հայկական ժողովրդական բազմաթիւ սիրուած երգերու եւ երաժշտութիւններու վրայ։
Երեկոն ունեցաւ այնպիսի ընթացք, ինչպիսին այս համայնքը դեռ չէր տեսած։ Երաժշտութեան կ՛ընկերակցէիր գինիներու լաւ ընտրանի մը եւ մեր համայնքին շատ սիրուած երիտասարդ շէֆ-խոհարար Սեպուհ Եագուպեանի խոհանոցային նորութիւնները։ Սրահին աթոռներն ու սեղանները դասաւորուած էին թատրոն-ակումբի նման։ Բեմը տեղադրուած էր սրահին կեդրոնը, այնպէս որ բոլորը լաւ կը տեսնէին երաժիշտները՝ միաժամանակ զրուցելով իրենց սեղանակիցներուն հետ։ Արա Տապանճեան ներկայացուց իւրաքանչիւր երգ՝ խօսելով անոր խորհուրդին, մեկնաբանութեան եւ երաժշտական ներշնչումին մասին։ Թէեւ սրահը չունէր պարահրապարակ, երգերէն շատեր ներկաները մղեցին, որ սրահին անկիւնները եւ նստարաններուն միջեւ եղած ազատ տարածութիւնները օգտագործեն պարելու համար։
Արա Հասըրճեան, Թորոնթօ
Փետրուար 2013