
Նախաձեռնութեամբ ու կազմակերպութեամբ «Բագին» գրական հանդէսին, Չորեքշաբթի, 9 Նոյեմբերի երեկոյեան տեղի ունեցաւ ընթերցման հերթական նոր հանդիպում` նուիրուած բանաստեղծ Վրէժ Գլնճեան-Թուրեանի գործերուն:
Ձեռնարկին բացումը կատարեց «Բագին»ի փոխխմբագիր Սեդա Գրիգորեան, որ բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկայացուց օրուան բանախօսը` ազգային հասարակական գործիչ Նշան Պասմաճեան:
Բնիկ քեսապցի, Ճեմարանաւարտ, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանէն շրջանաւարտ տնտեսագէտ Նշան Պասմաճեան եղած է Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց Շարժա շրջանի ազգակերտ գործունեայ տարրերէն մէկը:
Անդամակցած է ազգային, կուսակցական եւ համայնքային զանազան
մարմիններու, եղած է հիմնադիր թէ օգնական տնօրէն ազգային, կրթական հանրօգուտ հաստատութիւններու, ինչպէս` Շարժայի միօրեայ վարժարանին… Ան նաեւ վարած է վաճառականական մեծ ընկերութիւններու տնօրէնի պաշտօնը: Արամ Ա. կաթողիկոս զինք պարգեւատրած է «Կիլիկեան ասպետ»ի շքանշանով:
Ներկայացնելէ ետք օրուան զեկուցաբերը` Ս. Գրիգորեան զայն հրաւիրեց խօսելու քեսապցի տաղանդաւոր բանաստեղծ Վրէժ Գլնճեան-Թուրեանի գրական գործունէութեան մասին:
Բանախօս Պասմաճեան, որ հիմնադիրն է nshanag.net կայքէջին, հայերէնով կ՛արտայայտէ ու կը գրէ ազգային, կրթական ու հոգեմտաւոր նիւթերու մասին: Այս առիթով ան ներկայացուց Քեսապ հայաւանի տաղանդաւոր բանաստեղծ Վրէժ Գլնճեան-Թուրեանը:
Նշան Պասմաճեան ներկաներուն ծանօթացուց Վրէժ Գլնճեան-Թուրեան մարդը, որ հակառակ ընկերային ու յատկապէս առողջական անողոք պայմաններուն, յաջողած է տոկալ ու շրջանցել բոլոր արգելքները: Ազգային ու հայրենասիրական խոր հաւատքով թրծուած` պատանի Վրէժ Գլնճեան-Թուրեան աւարտելէ ետք վեցերորդ դասարանը, փորձած է աշխատանքի ու կրթութեան զանազան մարզեր, Անթիլիասի մայրավանքէն Էջմիածին, իսկ ի վերջոյ թառած է Զմմառու վանքին մէջ: Զմմառու հոգեմտաւոր այս սրբավայրը, ինչպէս շատերը, նաեւ Վրէժը ներշնչած է ազգային, հոգեւոր խոր հաւատքով ու կուռ կամքով, որոնց արգասիքն են իր քերթողական երեք գործերը` «Սրտի բեկորներ» (սպառած), Հայրենի ղօղանջներ» եւ «Սէր, ափոսանք ու կարօտ»:
Ապա Պասմաճեան վեր առաւ բանաստեղծ Վրէժ Գլնճեան-Թուրեանի քերթողական գիծերը, որոնք կը յատկանշուին իրապաշտ, իմացական եւ երգիծական ոճով: Ըստ Պասմաճեանի, Վրէժ Գ. Թուրեան գրած է 263 բանաստեղծութիւններ, որոնց 195-ը հնչեակ է: Անոր գրական մօտեցումը կը տարուբերի կենցաղայինէն մինչեւ վերացական: Ապա Նշան Պասմաճեան անդրադարձաւ բանաստեղծի այժմու իրավիճակին, որ դժբախտաբար դատապարտուած է անկողինին ծառայելու` անողոք հիւանդութեան պատճառով:
Բանախօսը մէջընդմէջ ընթերցումներ կատարեց հեղինակի բանաստեղծութիւններէն: Անոր միացաւ Սեդա Գրիգորեան, որ հեղինակին գրական ոճը նկատեց դասական: Աւարտին Վանան Մանճիկեան ընթերցեց Վրէժ Գլնճեան-Թուրեանի «Անմոռանալի հայեացք» խորագիրով յօդուածը, որ լոյս տեսած է Հալէպի «Երթ» հանդէսին մէջ: