Ուրբաթ, 22 Փետրուար 2008ի երեկոյեան ժամը 8:00ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Արեգ» մանկապատանեկան թատերական դպրոցի՝ Երուանդ Օտեանի «Ընկ. Փանջունի Ի Ծապլվար» կատակերգութեան ներկայացումը, ներկայութեամբ մեծաթիւ թատերասէրներու:
Կատակերգութիւնը անցեալն ու ներկան շաղախած կ°անդրադառնայ շարք մը երեւոյթներու, որոնք գոյութիւն ունին ընկերութեան մէջ: Ընկ. Փանջունիի կերպարը սխալ անհատականութեան ներկայացումն է, որուն հետեւանքով Ծապլվարի մէջ հարցերը լուծուելու փոխարէն կը բարդանան ու կ°ունենան ժխտական զարգացումներ:
«Ընկ. Փանջունի Ի Ծապլվար» երկը բեմականացուցած է Կարպիս Լէփէճեան, իսկ մշակումը կը պատկանի թատերախումբի բեմադրիչ Յասմիկ Թաշճեան-Պերթիզեանի:
Համազգայինի «Արեգ» մանկապատանեկան թատերական դպրոցի 11 աշակերտները աւելի քան 25 դեր ստանձնելով հանրութեան ներկայացան ճկուն խաղարկումներով ու յստակօրէն մարմնաւորելով իրենց տիպարները:
Շուրջ մէկուկէս ժամուան տեւողութեան հանդիսատեսը մեծաթիւ պատկերներու, բազմաթիւ տեսարաններու, բազմատեսակ երաժշտութիւններու եւ լոյսերու մեծաթիւ շարժումներով Փանջունիին կողքին կը ծանօթանայ բազմաթիւ անհատականութիւններու, ինչպէս Սմէնց Վարդանին, Տէր Սահակին, Րէս Սէրքոյին, Պեռնարին, Յիսնապետին:
Համազգայինի «Արեգ» մանկապատանեկան թատերական դպրոցը այս ներկայացումով ու բարձրորակ կատարումներով եկաւ հաստատելու կառոյցին կրթական եւ մասնագիտական բնոյթը ու աշակերտներուն՝ դերասանական ունակութիւն ունենալու կենդանի ապացոյցը: